Թիֆլիսի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանատան Մօտ Ապրիլ 23-ին եւ 24-ին Ցոյց Պիտի Իրականացուի. Յայտարարութիւն -
Թիֆլիսի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանատան Մօտ Ապրիլ 23-ին եւ 24-ին Ցոյց Պիտի Իրականացուի. Յայտարարութիւն
Հասարակութեան հետաքրքրութեան աճին ի տես` անհրաժեշտ կը համարենք յայտարարելու, որ հայ ժողովուրդի 1915-23թթ․ Ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին նուիրուած` Վրաստանի Հայ Համայնքին կողմէ կազմակերպուած բոլոր աւանդական ձեռնարկները (Ապրիլ 23-ի եւ 24-ի ցոյցերը Թիֆլիսի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան մօտ) պիտի կայանան:
Խօսքի եւ հաւաքներու ազատութիւնը երկրի բոլոր քաղաքացիներուն Սահմանադրական իրաւունքն է:
«Բոլորը, բացի այն անձերէն, որոնք կը մտնեն Ներքին Գործոց նախարարութեան կամ Պաշտպանութեան նախարարութեան կազմին մէջ, իրաւունք ունին՝ առանց նախնական զգուշացման՝ հաւաքուելու հրապարակայնօրէն եւ անզէն, ինչպէս փակ տարածութեան, այնպէս ալ ցանկացած այլ վայրի մէջ»,- Վրաստանի Սահմանադրութիւն, Կէտ 25:
Վրաստանի մէջ գործող Օրէնսդրութեան համաձայն` Վրաստանի Հայ Համայնքը նախօրօք տեղեկացուցած է Թիֆլիսի Քաղաքապետարանը՝ Ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին նուիրուած ցոյցերու իրականացման տեղին, ժամանակին եւ ձեւաչափին մասին:
Մենք` Վրաստանի հայ քաղաքացիները ներկայացնող Վրաստանի Հայ համայնքը, յոյսով ենք, որ Վրաստանը` մեր տունը եւ միաժամանակ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի հետ բարիդրացիութեան եւ եղբայրութեան բազմադարեայ
աւանդոյթներով կապուած երկիրը հանդիսանալով` չի դառնար աշխարհի այն միակ պետութիւնը, ուր հայերուն արգելուած կ՝ըլլայ իրականացնել հրապարակային հաւաքներ` նուիրուած հայ ժողովուրդի Ցեղասպանութեան տարելիցին:
Վրաստանի Հայ Համայնք
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com