Հոլանտահայերը Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցին Վերաբերեալ Պահանջագիր Մը Ներկայացուցած Են Հոլանտայի Խորհր -
Հոլանտահայերը Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցին Վերաբերեալ Պահանջագիր Մը Ներկայացուցած Են Հոլանտայի Խորհրդարանին
Հոլանտահայ կազմակերպութիւնները Հայոց ցեղասպանութեան հարցին հետ կապուած պահանջագիր ներկայացուցած են Հոլանտայի խորհրդարանին: Խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահին հետ հանդիպումէն դուրս գալէ ետք, այս մասին «Արմէնփրես»-ին յայտնած է ՀՅԴ Հոլանտայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Մասիս Աբրահամեան:
«Մեզ ընդունեց արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Փիթըր Օմթզիխթը, որ յաճախ հանդէս կու գայ ի նպաստ մեր շահերու պաշտպանութեան: Հանդիպումին բոլոր կուսակցութիւններէն ներկայացուցիչներ կային: Մենք ներկայացուցինք մեր պահանջագիրը: Մեր հիմնական խնդիրը այն է, որ Հոլանտա վերջին շրջանին որդեգրած է մեզի համար տարօրինակ քաղաքականութիւն մը` «ցեղասպանութեան» փոխարէն օգտագործելով «ցեղասպանութեան խնդիր» եզրը: Ատիկա մեզի ցաւ կը պատճառէ: Մենք նշեցինք, թէ որքա՛ն սխալ է այդ քաղաքականութիւնը: Այդ քաղաքականութեան պատճառով է, որ Թուրքիան այսօր շատ աւելի կարծր դիրքորոշում ունի Հոլանտայի նկատմամբ: Այն, որ հոլանտացիները կ՛ըսէին` չնեղացնենք թուրքերը, չըսենք ցեղասպանութիւն բառը, մեր համոզումով, հակառակ ազդեցութիւնը ունեցաւ», ըսած է Մասիս Աբրահամեան:
Ներկայացուած պահանջագիրը պիտի քննարկուի եւ յառաջիկային անոր գծով պիտի տրուի պատասխան: Մասիս Աբրահամեան լիայոյս է, որ նոր կառավարութիւնը շրջադարձ պիտի կատարէ եւ իրերը կոչէ իրենց անունով:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com