Գերմանիոյ, Հոլանտայի Եւ Պելճիքայի Մէջ Եւրոպան Լքելու Կոչեր` Էրտողանի Աջակցող Թուրքերուն -
Գերմանիոյ, Հոլանտայի Եւ Պելճիքայի Մէջ Եւրոպան Լքելու Կոչեր` Էրտողանի Աջակցող Թուրքերուն
Թրքական «Տիքեն» կայքը կը հաղորդէ, որ Հոլանտայի եւ Գերմանիոյ մէջ աջակողմեան ուժերը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին աջակցող եւրոպաբնակ թուրքերուն կոչ կ՛ուղղեն վերադառնալու Թուրքիա:
Նշենք, որ Հոլանտայի թուրք համայնքին 69, 98 առ հարիւրը, Գերմանիոյ թուրք համայնքին 63,11 առ հարիւրը եւ Աւստրիոյ թուրք համայնքին 72,34 առ հարիւրը Թուրքիոյ սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէի ընթացքին «Այո» քուէարկած են:
Հոլանտայի Ազատութիւն կուսակցութեան ղեկավար Կերթ Վիլտըրս այդտեղ բնակող եւ Էրտողանի լիազօրութիւններու ընդլայնման նախագիծին աջակցած թուրքերուն կոչ ուղղած է վերադառնալու Թուրքիա:
«Հոլանտա ապրող թուրքերը զանգուածաբար «Այո» քուէարկած են Էրտողանի բռնապետութեան: Տէ հիմա զանգուածաբար ալ վերադարձէ՛ք Թուրքիա: Եթէ այստեղ` օգտուելով այս երկրին ժողովրդավարութենէն, կ՛ընտրէք Էրտողանի բռնապետութիւնը, այստեղ ընելիք չունիք», ըսած է ան` աւելցնելով. «Թուրքիան ընտրած է իսլամաֆաշականութեան ուղին»:
Հանրաքուէէն ետք, Հոլանտայի մէջ դարձեալ սկսած է քննարկուիլ տեղւոյն թուրքերը երկքաղաքացիութենէ զրկելու հարցը:
Գերմանիոյ մէջ աջակողմեան «Գերմանիոյ համար այլընտրանք» կուսակցութեան ներկայացուցիչներէն Ալիս Վէյտել յայտարարած է, որ գերմանաբնակ թուրքերուն տուած քուէները ցոյց կու տան, որ վերջիններս չեն համարկուած եւրոպական հասարակարգին եւ տեղ չունին այդ հասարակութեան մէջ:
«Եթէ այդպէս է, թող վերադառնան այն Էրտողանին մօտ, որուն այդքան կը հաւնին», ըսած է Վէյտել:
Պելճիքայի Ներկայացուցիչներու տան երեսփոխան Հենտրիք Պոկարթ իր կարգին կ՛առաջարկէ Պելճիքայի քաղաքացիութենէն զրկել Էրտողանի ի նպաստ քուէարկած այն թուրքերը, որոնք երկքաղաքացիութիւն ունին:
«Թուրքերու կէսէն աւելին քուէարկած է իշխանութեան բռնատիրական համակարգի օգտին: Այժմ պէտք է վերջ դնել երկքաղաքացիութեան: Ընտրեցէ՛ք», գրած է Պոկարթ «Թուիթըր»-ի վրայ:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com