Հանրապետական Ժողովուրդի Կուսակցութիւնը Պիտի Դիմէ Թուրքիոյ Գերագոյն Ընտրական Խորհուրդին` Հանրաքուէի -
Հանրապետական Ժողովուրդի Կուսակցութիւնը Պիտի Դիմէ Թուրքիոյ Գերագոյն Ընտրական Խորհուրդին` Հանրաքուէի Արդիւնքները Ջնջելու Համար
«Ակօս» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր ուժը` Հանապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը պիտի դիմէ Գերագոյն ընտրական խորհուրդին` սահմանադրական փոփոխութիւններու վերաբերեալ հանրաքուէի արդիւնքները ջնջելու պահանջով:
Ընդդիմադիրները մատնանշած են տասնեակ հազարաւոր ընտրական տեղամասերու մէջ տեղի ունեցած ընտրական խախտումներու, ինչպէս նաեւ 2,5 միլիոնի հասնող չկնքուած քուէաթուղթերու հարցը:
Նախապէս Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան Պոլիսէն ընտրուած երեսփոխան Սենճեր Այաթա յայտարարած էր, որ հանրաքուէի ընթացքին չկնքուած քուէաթուղթերը, որոնք հաշուարկուած են իբրեւ «Այո»-ի քուէ, կազմած են 2,5 միլիոն:
Յիշեցնենք, որ նախնական տուեալներու համաձայն, Թուրքիոյ սահմանադրական փոփոխութիւններու վերաբերեալ հանրաքուէին յաղթանակ արձանագրած են կառավարման նախագահական համակարգի անցման կողմնակիցները, որոնք ապահոված են քուէներու 51,2 առ հարիւրը: Վերջնական արդիւնքները պիտի հրապարակուին 11-12 օրէն` բողոքարկումները քննարկելէ ետք:
Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ, անդրադառնալով Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան կողմէ հանրաքուէի արդիւնքներու ջնջման դիմումին, յայտարարեց. «Թուրք ժողովուրդը իր կամքը արտայայտեց ազատօրէն, եւ ընդդիմութիւնը, մասնաւորաբար գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութիւնը, պէտք է յարգէ ժողովուրդի որոշումը»: Ան ըսաւ, որ հանրաքուէի արդիւնքները կասկածի տակ առնելը անօգուտ է:
Միջազգային Դէտեր. «Թուրքիոյ Մէջ Հանրաքուէն Տեղի Ունեցած Է ԱնհաւասարՊայմաններու Մէջ»
Թուրքիոյ մէջ 16 ապրիլին տեղի ունեցած սահմանադրական հանրաքուէն կատարուած է երկու կողմերուն համար անհաւասար կարելիութիւններու պայմաններուն մէջ: Այս գնահատականը տրուած է միջազգային դէտերու կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ:
«Ընդհանուր առմամբ հանրաքուէն չէ համապատասխանած Եւրոպական խորհուրդի չափանիշներուն: Իրաւական շրջանակը անբաւարար եղած է ժողովրդավարական հոլովոյթ իրականացնելու համար», նշած է Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի առաքելութեան ղեկավար Սեզար Ֆլորին Փրետա:
ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդկային իրաւանց գրասենեակի կարճաժամկէտ առաքելութեան ղեկավար Թանա տէ Զուլույեթա նշած է, որ հանրաքուէն տեղի ունեցած է քաղաքական այնպիսի միջավայրի մէջ, ուր հիմնարար ազատութիւնները, որոնք կարեւոր են ժողովրդավարական հոլովոյթի համար, ոտնակոխուած էին արտակարգ դրութեան պայմաններուն մէջ: Բացի ատկէ, երկու կողմերը չեն ունեցած հաւասար կարելիութիւններ քուէարկողներուն դիմելու հարցին մէջ: «Մեր հսկողութիւնը ցոյց տուած է, որ «այո»-ի քարոզարշաւը գերակշռած է լրատուամիջոցներուն մէջ, եւ ատիկա զանգուածային լրատուամիջոցներուն մէջ գոյութիւն ունեցող սահմանափակումներու, լրագրողներու ձերբակալութիւններու եւ լրատուամիջոցներու փակման հետ միատեղ, նաեւ սահմանափակած է քուէարկողներուն հասանելիութիւնը տեսակէտներու բազմազանութեան», նշած է ան:
Դէտերը արձանագրած են, որ որոշ ընտրական տեղամասերու մէջ իրենց գործունէութիւնը արգիլուած է կամ խոչընդոտուած:
ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդկային իրաւանց գրասենեակի դիտորդները իրենց յայտարարութեան մէջ մատնանշեցին, որ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը չկնքուած քուէաթուղթերով քուէները նկատած է վաւերական, իշխանութեան լծակներու օգտագործում եղած է եւ հանրաքուէն տեղի ունեցած է երկրին մէջ յայտարարուած արտակարգ դրութեան պայմաններուն մէջ:
Անգարա Կը Հակադարձէ
«Լենթա.ռու» լրատուական կայքը կը գրէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը քննադատած է ԵԱՀԿ-ի դէտերու յայտարարութիւնը: «Մենք տարիներէ ի վեր կը համագործակցինք ԵԱՀԿ-ի հետ, որուն ներկայացուցիչները աշխատեցան Թուրքիոյ մէջ 16 ապրիլին տեղի ունեցած հանրաքուէին ընթացքին: Մենք անոնց կոչ ուղղած ենք խուսափելու սուտ տեղեկատուութեան վրայ հիմնուած մեկնաբանութիւններէն, ինչ որ կրնայ սխալներու յանգեցնել: Սակայն անոնց զեկուցումին մէջ մենք հանդիպեցանք սուտ մեղադրանքներու, թէ իբրեւ թէ հանրաքուէն չի համապատասխաներ միջազգային չափանիշներուն: Ատիկա ուղղակի անընդունելի է», գրուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
«Էսոշիէյթըտ Փրես» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր կարգին ԵԱՀԿ-ի դէտերուն խորհուրդ տուած է «իրենց տեղը գիտնալ»:
«Նախ եւ առաջ գիտցէք ձեր տեղը: Մենք պիտի չլսենք ձեր քաղաքական դրդապատճառներով կատարած հաշուետուութիւնները կամ հաշուի նստինք անոնց հետ», յայտնած է Էրտողան:
Ըստ անոր, Եւրոպայի որոշ երկիրներ բարեփոխումներուն «աւելի դէմ եղած են, քան թրքական ընդդիմութիւնը»:
Էրտողան նաեւ նշած է, որ հանրաքուէն «վերջակէտ դրած է» սահմանադրութեան եւ նախագահական կառավարման ձեւին անցնելու վերաբերեալ բոլոր բանավէճերուն:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com