Պատերազմէն Վեց Տարի Անց Հալէպի Ազգային Գերեզմանատան Մէջ Մեռելոցի Առիթով Պատարագ Մատուցուած է -
Պատերազմէն Վեց Տարի Անց Հալէպի Ազգային Գերեզմանատան Մէջ Մեռելոցի Առիթով Պատարագ Մատուցուած է
Ապրիլ 17ին առաւօտուն, ի յիշատակ մեռելոցի, Հալէպի Ազգային գերեզմանատան մէջ, 6 տարուան ընդմիջումէն ետք, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տէր Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեան Սուրբ եւ Անմահ պատարագ մատուցեց՝ հոծ բազմութեան եւ հիւրերու ներկայութեան, կը հաղորդէ “Գանձասար”-ը:
Ապա սրբազան հայրը ներկայացուց օրուան պատգամը, որմէ ետք հանդիսաւոր թափօրը շրջագայեցաւ մատրան շրջափակին մէջ ու խաչաձեւ ուղղութեամբ հոգեհանգստեան արարողութիւն տեղի ունեցաւ՝ հալէպահայ ննջեցեալներու հոգիներուն խաղաղութեան համար:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com