Փարիզի Դպրոցասէր Միութեան Վարժարանի Աշակերտները Ուխտագնացութեամբ Հայաստան Կը Գտուին -
Փարիզի Դպրոցասէր Միութեան Վարժարանի Աշակերտները Ուխտագնացութեամբ Հայաստան Կը Գտուին
«Արդէն գեղեցիկ աւանդոյթ դարձած է Ֆրանսայի այս երկու հայկական հաստատութիւններու աւարտական դասարաններու սաներու ամենամեայ այցը Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին»,- նշած է Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը` Ապրիլ 17-ին ընդունելով Մարսէյլի համազգային դպրոցի եւ Փարիզի դպրոցասէր միութեան վարժարանի 45 աշակերտներ:
Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգէն կը յայտնեն, որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը յորդորած է երիտասարդները ջանասիրութեամբ շարունակելու իրենց ուսումնառութիւնը, որպէսզի ձեռք բերած գիտելիքներն ու հմտութիւնները ծառայեցնեն ֆրանսահայ համայնքին, ինչպէս նաեւ հայրենիքի զարգացման, հզօրացման ու բարօրութեան:
Հանդիպման ժամանակ անդրադարձած են նաեւ Սփիւռքի մէջ հայոց լեզուի պահպանման ուղղուած խնդիրներուն եւ այդ ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերուն:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com