Հոլանտահայերը Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցին Հետ Կապուած Պահանջագիր Ներկայացուցած են Նիտերլանտներու Խոր - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Այգ

Հայերէն :

18 Nisan 2017  

Հոլանտահայերը Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցին Հետ Կապուած Պահանջագիր Ներկայացուցած են Նիտերլանտներու Խոր -

Հոլանտահայերը Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցին Հետ Կապուած Պահանջագիր Ներկայացուցած են Նիտերլանտներու Խոր Հոլանտահայերը Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցին Հետ Կապուած Պահանջագիր Ներկայացուցած են Նիտերլանտներու Խորհրդարանին

Հոլանտահայ կազմակերպութիւնները Հայոց ցեղասպանութեան հարցի հետ կապուած պահանջագիր ներկայացուցած են Նիտերլանտներու խորհրդարանին: Այս մասին «Արմենփրես»-­ին տեղեկացուցած է ՀՅԴ Հոլանտայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Մասիս Աբրահամեան, որ քիչ առաջ դուրս եկած էր խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահին հետ հանդիպումէն:

«Մեզ ընդունեց Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Փիթըր Օմտզիխտ, որ յաճախ հանդէս կու գայ ի նպաստ մեր շահերու պաշտպանութեան: Հանդիպման բոլոր կուսակցութիւններէն ներկայացուցիչներ կային: Մենք ներկայացուցինք մեր պահանջագիրը: Մեր հիմնական խնդիրն է, որ Նիտերլանտները վերջին շրջանին մեզի համար տարօրինակ քաղաքականութիւն որդեգրած է` ցեղասպանութեան փոխարէն օգտագործելով ցեղասպանութեան խնդիր բառը: Ատիկա մեզի ցաւ կը պատճառէ: Մենք նշեցինք, թէ որքան սխալ է այդ քաղաքականութիւնը: Այդ քաղաքականութեան պատճառով է, որ Թուրքիան այսօր շատ աւելի կոշտ դիրքորոշում ունի Նիտերլանտներու հանդէպ: Այն, որ հոլանտացիները կ՛ըսէին չնեղացնենք թուրքերը, չըսենք ցեղասպանութիւն բառը, մեր համոզումով, հակառակ ազդեցութիւնն ունեցաւ»,- ըսած է­ Մասիս Աբրահամեան:

Ներկայացուած պահանջագիրը պիտի քննարկուի եւ յառաջիկային պատասխան պիտի տրուի: Մասիս Աբրահամեանը լիայոյս է, որ նոր կառավարութիւնը շրջադարձ մօտեցում պիտի ցուցաբերէ եւ իրերը պիտի կոչէ իրենց անունով:

Հայոց ցեղասպանութեան 102-­րդ տարելիցի առիթով Հոլանտայի հայ համայնքը կը ունենայ ձեռնարկներու շաբաթ: Ապրիլ 22­ին տեղի պիտի ունենայ ցոյց Ամսթերտամի մէջ: Մասիս Աբրահամեան նշած, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-­րդ տարելիցէն սկսած` ձեռնարկներուն մեծ թիւով հայեր կը մասնակցին: Արդէն պայմանաւորուածութիւն կայ ոստիկանութեան հետ, ճշտուած են այն փողոցները, ուրկէ պիտի անցնի քայլարշաւը: Մասնակիցները երթով պիտի շարժուին Ամսթերտամի ցոյցերու հաւաքատեղի` հրապարակ: Հանրահաւաքին պիտի մասնակցին ականաւոր դէմքեր, ցեղասպանութիւններու դէմ պայքարի ջատագովներ: Յիշատակի միջոցառումներ տեղի պիտի ունենան Ապրիլ 23-­ին, 24-­ին:








Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+