Ժողովրդավարական Սուրիոյ Ուժերը ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Կռիւներու Նոր Փուլի Մը Սկիզբը Յայտարարեցին -
Ժողովրդավարական Սուրիոյ Ուժերը ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Կռիւներու Նոր Փուլի Մը Սկիզբը Յայտարարեցին
Քրտական ղեկավարութեամբ Ժողովրդավարական Սուրիոյ ուժերը յայտարարեցին, որ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կռիւներու նոր փուլ մը սկսած են:
Նշեալ ուժերը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեցին, որ գործողութիւնները սկսած են նոյեմբերին իրենց, ամերիկեան ղեկավարութեամբ Միջազգային դաշինքին եւ արաբական ու քրտական տարբեր ուժերու մասնակցութեամբ միացեալ շարք մը փուլերու ընթացքին:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ արշաւին չորրորդ փուլին նպատակը Ռաքքայի հիւսիսային գիւղական շրջանը ՏԱՀԵՇ-էն ձերբազատման ամբողջացումն է եւ Ռաքքայի ազատագրման նախապատրաստման համար վերջին արգելքները ջնջելը:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com