«Ասատի Հեռանալը Պայման Չէ Սուրիոյ Հիմնախնդիրի Խաղաղ Լուծման Համար» Կ՛ըսէ Թրամփ -
«Ասատի Հեռանալը Պայման Չէ Սուրիոյ Հիմնախնդիրի Խաղաղ Լուծման Համար» Կ՛ըսէ Թրամփ
Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ տագնապին լուծման իբրեւ պարտադիր պայման Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի իշխանութենէն հեռացումը պիտի չպահանջէ: Այդ մասին «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին մէջ հրապարակուած հարցազրոյցին մէջ յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ:
«Մենք ատոր վրայ կը պնդե՞նք արդեօք: Ո՛չ: Սակայն ես կը կարծեմ, որ ատիկա տեղի պիտի ունենայ որոշակի փուլի մէջ», նշած է Թրամփ:
Թրամփ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է, որ դժուար է, սակայն ոչ անկարելի պատկերացնել խաղաղ Սուրիան` իշխանութեան գլուխ կանգնած Ասատով: «Ես կը կարծեմ, որ դժուար է ատիկա պատկերացնել: Սակայն ես չէի գործածեր «անկարելի» բառը», նշած է ան:
Մէկ օր առաջ Ռուսիան վեթոյի ենթարկեց Խան Շէյխունի մէջ անցեալ շաբաթ քիմիական զէնքի օգտագործումը դատապարտող եւ Բրիտանիոյ կողմէ պատրաստուած ՄԱԿ-ի կանոնագիրի 7-րդ յօդուածին հիմամբ նախագիծը, որուն թեր քուէարկեցին 10 երկիրներ, դէմ` Պոլիվիան եւ Ռուսիան (վեթօ), իսկ Չինաստանը, Ղազախստանն ու Եթովպիան մնացին ձեռնպահ: Նախագիծը ռուսական վեթոյին պատճառով չորդեգրուեցաւ:
Սպիտակ տան բանբեր Շոն Սփայսըր յայտնեց, որ Չինաստանի ձեռնպահ մնալը «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի յստակ յաղթանակը կը նկատուի»` աւելցնելով. «Փեքինի աջակցութեան ապահովումը դիւանագիտական մեծ յաղթանակ մը կը նկատուի երկրի նախագահին համար»:
Ան բացատրեց, որ Թրամփ իր չին գործընկերոջ` Շի Ճին Փինկի հետ անցեալ շաբաթ Ֆլորիտայի մէջ հանդիպում ունեցած է, ինչ որ շինիչ եղած է երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն համար:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com