Տինքի Սպանութեան Գործով Մեղադրեալը Վերահաստատած է, Որ Պարբերաբար Կապի Մէջ Եղած է Էրտողանի Հետ -
Տինքի Սպանութեան Գործով Մեղադրեալը Վերահաստատած է, Որ Պարբերաբար Կապի Մէջ Եղած է Էրտողանի Հետ
Սթամպուլի թիւ 14 ծանր յանցագործութիւններու դատարանին մէջ շարունակուած է պոլսահայ լրագրող, «Ակօս» թերթի հիմնադիր եւ նախկին խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով դատական նիստը:
Երէկ կայացած նիստին իր հերթական պաշտպանական ճառով հանդէս եկած է մեղադրեալ՝ Սթամպուլի ոստիկանութեան հետախուզական բաժնի նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեայ, Ալի Ֆուաթ Եըլմազեր, կը հաղորդէ «Թերթ․ամ»-ը:
Ան պնդած է, որ Տինքի սպանութեան գործով դատական գործընթացը ի սկզբանէ որոշ ուժերու կողմէ կ՛ենթարկուի տարբեր խարդախութիւններու:
Մեղադրեալը նաեւ նշած է, որ գործի ծիրէն ներս հարցաքննութեան ենթարկուող Տրապիզոնի հետախուզական կոմիտէի նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեաները ամբողջ ճշմարտութիւնը չեն պատմեր դատարանին:
«Կայ կէտ մը, որուն վերաբերեալ անոնք կը լռեն», – ըսած է Եըլմազեր:
Ան նաեւ վերահաստատած է, որ Էրկենեքոնի հետ կապուած հետաքննութեան շուրջ պարբերաբար կապ պահպանած է Էրտողանի հետ, որ այն ժամանակ վարչապետ էր:
Յիշեցնենք, որ աւելի նախապէս տեղի ունեցած դատական նիստերէն մէկու մը ընթացքին Եըլմազեր յայտարարած էր, որ Տինքի սպանութեան գործը որեւէ կապ չունի կիւլենականներու հետ, եւ հաստատած է այն տեսակէտը, որ Տինքի սպանութեան ետեւ կանգնած է Էրկենեքոն ծայրայեղական ահաբեկչական գաղտնի խումբը, որուն ղեկավարներէն է ազգայնական գործիչ Վելի Քիւչիւք:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com