​«Արմինիա» Օդանաւային Ընկերութեան Երեւան – Պէյրութ Օդանաւային Գիծի Պաշտօնական Բացում - Հայերէն
27 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Վահագն / Ժամ : Խաւարակ

Հայերէն :

11 Nisan 2017  

​«Արմինիա» Օդանաւային Ընկերութեան Երեւան – Պէյրութ Օդանաւային Գիծի Պաշտօնական Բացում -

​«Արմինիա» Օդանաւային Ընկերութեան Երեւան – Պէյրութ Օդանաւային Գիծի Պաշտօնական Բացում ​«Արմինիա» Օդանաւային Ընկերութեան Երեւան – Պէյրութ Օդանաւային Գիծի Պաշտօնական Բացում

Air-Armenia] Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ, Ապրիլ 10-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին տեղի ունեցաւ «Արմինիա» ընկերութեան Երեւան-Պէյրութ-Երեւան օդանաւային գիծի պաշտօնական բացումը, կանոնաւոր թռիչքի առաջին օդանաւի Պէյրութ միջազգային օդակայան վայրէջքէն անմիջապէս ետք:

Երեւանէն Պէյրութ հասած պատուիրակութիւնները դիմաւորուեցան պետական, քաղաքական, կառավարական անձնաւորութիւններու կողմէ, օդակայանի պատուոյ սրահին մէջ: Այս առիթով ողջոյնի իր խօսքը արտասանեց Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, որ ըսաւ, թէ այս նախաձեռնութիւնը կու գայ ամրապնդելու եւ հզօրացնելու Լիբանան-Հայաստան գոյութիւն ունեցող սերտ յարաբերութիւնները: Ան հաստատեց, որ ծրագիրը բարոյապէս մեծ նպաստ պիտի բերէ երկու երկիրներու տարբեր մարզերու զարգացման ու ներդրման: Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի ազգային օդանաւային ընկերութեան` «Միտըլ իսթ»-ին, որուն շնորհիւ նախորդ երկու տարիներուն իրականացան Լիբանան-Հայաստան ճամբորդութիւնները: Ա. Կիտանեան շնորհակալութիւն յայտնեց «Արմինիա» ընկերութեան Լիբանանի եւ Երեւանի տնօրէններուն, նախաձեռնողներուն` մաղթելով, որ ո՛չ միայն զբօսաշրջական, այլ նաեւ տարբեր մարզերու մէջ գործակցութիւններ ամրապնդուին:

Խօսք առաւ նաեւ Հայաստանի Զբօսաշրջութեան զարգացման քաղաքականութեան վարչութեան պետ Մեխակ Ապրեսեան, որ ըսաւ, թէ Լիբանանի հետ օդանաւային թռիչքներու կազմակերպումը միշտ օրակարգի վրայ եղած է, ապա դիտել տուաւ, որ 2013-էն ի վեր որդեգրուած բաց երկինքի քաղաքականութեամբ համաշխարհային շուկային Հայաստանի հասանելիութեան բարձրացումը պետական քաղաքականութեան հիմնական խնդիրներէն է: Մեխակ Ապրեսեան նշեց, որ նախաձեռնութեան հիմնական նպատակը տնտեսութեան եւ զբօսաշրջութեան զարգացումն է Հայաստանի եւ այլ երկիրներու հետ, որոնց կապը գոյութիւն ունի արդէն: «Զբօսաշրջութեան աշխուժացումը մեր պետական քաղաքականութեան հիմնական նպատակներէն է», ըսաւ ան, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց երկու երկիրներու կառավարութիւններուն, «Արմինիա» ընկերութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք իրականացուցին ծրագիրը:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի բարձր գնահատեց նախաձեռնութիւնը, որ ո՛չ միայն մայր հայրենիքի` Հայաստանի եւ սփիւռքի հայրենիք նկատուող Լիբանանի հայութեան համար գօտեպնդիչ երեւոյթ է, այլ նաեւ կը զարգացնէ երկու նմանօրինակ պատմութիւն ունեցող պետութիւններուն միջեւ յարաբերութիւնը:

«Արմինիա» ընկերութեան Երեւանի տնօրէն Ռոպերթ Օկանէսեան ըսաւ, որ միացեալ աշխատանքով կարելի եղած է պաշտօնապէս բացուած յայտարարել եւ իրականացնել Երեւան-Պէյրութ-Երեւան չուերթը: Ան յայտնեց, որ վայրէջք կատարած օդանաւով Պէյրութ հասած են 80 ուղեւորներ, իսկ նոյն օդանաւով Երեւան կը մեկնին 90 անձեր: Ռոպերթ Օկանէսեան ըսաւ. «Մեր աշխատակազմը պիտի շարունակէ ձեռնարկել բոլոր յարմարաւէտ միջոցներու եւ պիտի ստեղծէ հանգիստի լաւագոյն պայմանները, որպէսզի աժան սակերով ուղեւորներ կարենան ճամբորդել Երեւան ու Պէյրութ»:

Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան ըսաւ, որ դեսպանատունը պիտի աշխատի զարգացնել Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ զբօսաշրջութիւնը` ներգրաւելով լիբանանեան դրամագլուխով ներդրումներ Հայաստանի զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ ենթակառուցուածքներու զարգացման նպատակով, Լիբանանի բաւական մեծ փորձառութեան վրայ հիմնուած:

Ձեռնարկին ընթացքին ընկերութեան կողմէ յուշանուէրներ յանձնուեցան պաշտօնական անձնաւորութիւններուն, որոնք միասնաբար հատեցին այս առիթով պատրաստուած կարկանդակը: Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը Հայաստանի զբօսաշրջական եւ տեսարժան վայրերու մասին, ապա Հայաստանի Հանրապետութեան «Մուշ» պարային համոյթը հայկական երկու գեղեցիկ պարերով աւելի խանդավառեց մթնոլորտը:






Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+