Արք․ Պեքճեան Վերադարձած է Պոլիս -
Կը Սպասուի Անոր Հանդիպումը Աթէշեանի Հետ
Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական տեղապահ ընտրուած Գարեգին արքեպիսկոպոս Պեքճեան Ապրիլ 2-ին վերադարձած է Պոլիս:
Ինչպէս կը հաղորդէ Պոլսոյ հայկական «Ժամանակ» օրաթերթը, Պեքճեան դիմաւորած են Պոլսոյ պատրիարքարանի հոգեւոր խորհուրդի նախագահ Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեան եւ խումբ մը աջակիցներ:
Լրատուամիջոցը կը յայտնէ, որ հակառակ պատրիարքարանին մէջ նախապատրաստութիւն կատարուած էր ընդունելու Պեքճեանը, սակայն «նորին Սրբազանութիւնը նախընտրած է չերթալ ու չիջեւանել այնտեղ»:
Կ՛անկալուի, որ Ապրիլ 3-ի յետմիջօրէին Պեքճեան պէտք է այցելէ Հայոց պատրիարքարան` հանդիպելու պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանին: Ընտրուած տեղապահը յայտնած է, որ կայանալիք հանդիպումէն մեծ ակնկալիք ունի:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com