Աթեշեան Եւ Մաշալեան Եպիսկոպոսները Հանդիպում Ունեցած Են Պոլսոյ Փոխնահանգապետին Հետ -
Աթեշեան Եւ Մաշալեան Եպիսկոպոսները Հանդիպում Ունեցած Են Պոլսոյ Փոխնահանգապետին Հետ
Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի եկեղեցական խորհուրդի նախագահ Սահակ եպս. Մաշալեանն ու Պոլսոյ պատրիարքի փոխանորդի պաշտօնին վրայ մնալ շարունակող Արամ արք. Աթեշեանը հանդիպում ունեցած են Պոլսոյ փոխնահանգապետին հետ:
Մաշալեան «Ակօս»-ին պատմած է, որ փոխնահանգապետը իրենց ներկայացուցած է թրքական պետութեան ունեցած առարկութիւնները Պոլսոյ պատրիարքի տեղապահի ընտրութեան հետ կապուած:
Փոխնահանգապետը հանդիպումին ընթացքին շեշտած է, որ պատրիարքի կենդանութեան զինք պաշտօնազուրկ ընելն ու պատրիարքի նոր տեղապահ ընտրելով` նոր պատրիարքի ընտրութիւններու սկիզբ տալը պետութեան համար ընդունելի չէ: Պոլսոյ նահանգապետարանին նաեւ վրդովեցուցած է այն փաստը, որ հակառակ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի տուած խոստումին` զբաղիլ հայ համայնքի հոգեւոր առաջնորդի ընտրութիւններուն հարցով Թուրքիոյ մէջ սպասուած սահմանադրական փոփոխութիւններուն վերաբերեալ հանրաքուէի աւարտէն ետք, հայ համայնքը անտեսած է այս խոստումը եւ դիմած տեղապահի ընտրութեան:
Եկեղեցական խորհուրդի նախագահը, իր կարգին, փոխնահանգապետին յայտնած է, որ հայ համայնքը նախագահի խօսքը անտեսելու խնդիր եւ նպատակ չունի, ապա փորձած է ներկայացնել եկեղեցական կարգը, որով առաջնորդուած են տեղապահի ընտրութիւններուն ընթացքին:
Մաշալեան սրբազանը նաեւ շեշտած է, որ այս բոլոր որոշումները տրուած են անմիջական հսկողութեամբն ու համաձայնութեամբը Արամ արք. Աթեշեանի, որ ինքնին պետութեան կողմէ նշանակուած պատրիարքական փոխանորդն է:
«Ես յայտնեցի պարոն փոխնահանգապետին, որ մենք այլեւս ունինք համայնքին կողմէ ընտրուած պատրիարքի տեղապահ, որ պէտք է վարէ իր պաշտօնը` Արամ եպս. Աթեշեանի փոխարէն», նշած է Մաշալեան` աւելցնելով, որ եթէ Աթեշեան տեղապահի ընտրութենէն առաջ Պոլսոյ նահանգապետարանէն ստացած էր ընտրութեան կայացման առարկող նամակ, ապա պարտաւոր էր զայն ցոյց տալ ընտրութիւններէն առաջ եւ ոչ թէ անոնցմէ ետք: «Եթէ նամակը ցուցադրուէր ժամանակին` ընտրութիւնը չեղեալ պիտի նկատուէր եւ պիտի չկայանար», ըսած է Մաշալեան:
Մաշալեան եպիսկոպոսը Պոլսոյ փոխնահանգապետին հետ հանդիպումը նկատած է դրական ու արդիւնաւէտ` շեշտելով, որ անիկա անցած է բարեկամական մթնոլորտի մէջ:
Թուրքիոյ Փոխվարչապետը Հայ Համայնքէն
Խնդրած Է Սպասել Մինչեւ Հանրաքուէին Աւարտը
«Ակօս» կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ հայաշատ Շիշլի շրջանին մէջ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան գործող գլխաւոր գրասենեակը Ս. Զատիկի նախօրեակին կազմակերպած է քրիստոնեայ համայնքներու համար եւ շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնատարներու մասնակցութեամբ ընթրիք մը, որուն մասնակցած է նաեւ Թուրքիոյ փոխվարչապետներէն Վէյսի Քայնաք:
Ընթրիքին պոլսահայ համայնքէն ներկայ գտնուած են նաեւ Թուրքիոյ կրօնական փոքրամասնութիւններու հիմնադրամներու միութեան անդամներէն Թորոս Ալճանը, Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի եկեղեցական խորհուրդի նախագահ Սահակ եպս. Մաշալեանն ու Պոլսոյ հայոց պատրիարքի փոխանորդի պաշտօնին վրայ մնալ շարունակող Արամ արք. Աթեշեանը, որ իր աղօթքով կատարած է ընթրիքին բացումը:
Փոխվարչապետ Վէյսի Քայնաքին նաեւ հարցում ուղղուած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի տեղապահի ընտրութեան շուրջ ծագած ճգնաժամին եւ Պոլսոյ նահանգապետարանի միջամտութեան մասին: Հարցումին պատասխանելով Քայնաք խոստացած է լուծել հարցը, սակայն հայ համայնքէն խնդրած է սպասել մինչեւ 16 ապրիլին նախատեսուած սահմանադրական փոփոխութիւններու վերաբերեալ հանրաքուէի աւարտը:
«Ինծի այս հարցով նաեւ հեռաձայնած են խորհրդարանի հայազգի երեսփոխաններ Սելինա Տողանը, Կարօ Փայլանն ու Մարգար Եսայեանը: Հարցը պիտի լուծուի, դիւրին է: Սակայն թոյլ տուէք սպասել մինչեւ հանրաքուէի աւարտը», ըսած է Քայնաք:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com