Ասատի Տապալումը Այլեւս Մեր Առաջնահերթութիւնը Չէ» Կ՛ըսէ Հէյլի -
Ասատի Տապալումը Այլեւս Մեր Առաջնահերթութիւնը Չէ» Կ՛ըսէ Հէյլի
ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու մնայուն դեսպան Նիքի Հէյլի յայտնեց, որ Սուրիոյ վերաբերեալ իր երկրին քաղաքականութիւնը այլեւս չէ կեդրոնացած Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի իշխանութենէն հեռացման վրայ:
«Մարդ իր մղելիք ճակատամարտները կը ճշդէ… եւ երբ այդ հարցին կը նայինք, կը տեսնենք, որ առաջնահերթութեանց կը վերաբերի… մեր առաջնահերթութիւնը այլեւս նստիլ եւ Ասատի հեռացման վրայ կեդրոնանալը չէ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Մեր առաջնահերթութիւնը գործը կատարելն է եւ Սուրիոյ մէջ մարդոց համար իսկական փոփոխութիւն յառաջացնելու համար պէտք եղած անձին հետ աշխատիլը»:
Խօսելով ամերիկեան նոր վարչակազմին պատկերացումին մասին` Հէյլի յայտնեց. «Չենք կրնար անպայման Ասատի վրայ կեդրոնանալ, այնպէս ինչպէս նախկին վարչակազմը կատարեց»:
Պատասխանելով լրագրողի մը հարցումին` ան նաեւ ըսաւ. «Ռուսիա փորձեց քաղաքական լուծում գտնել, սակայն ան փորձեց Ասատի հետ քաղաքական լուծում գտնել, ինչ որ հարց է… ան յառաջընթացի դիմաց մեծ արգելք է»: «Իրանը եւս յառաջընթացի դիմաց մեծ արգելք է», աւելցուց Հէյլի:
ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու մնայուն դեսպանը նաեւ ընդգծեց. «Եթէ կայուն Սուրիա մը չունինք, ապա կայուն շրջան մը չունինք… ներկայիս միջազգային սպառնալիք է, եւ պէտք է ատոր լուծում մը գտնենք»:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com