Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Փոխնախարարը Պիտի Այցելէ Թուրքիա -
Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Փոխնախարարը Պիտի Այցելէ Թուրքիա
Սփութնիք լրատու գործակալութեան թրքական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Թամըս Շենըն պիտի այցելէ Թուրքիա:
Ան 3-4 ապրիլին պիտի այցելէ Անգարա եւ հանդիպում ունենայ Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ումիթ Եալչընի հետ: Կ՛ակնկալուի, որ հանդիպումի ընթացքին քննարկուին երկկողմ յարաբերութիւններն ու շրջանային կարեւոր հարցեր:
Յիշեցնենք, որ հինգշաբթի օր Թուրքիա այցելած էր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com