​Թուրքիան Ամէնուր Պիտի Հետապնդէ Քիւրտ Զինեալները» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Խաւարակ

Հայերէն :

03 Nisan 2017  

​Թուրքիան Ամէնուր Պիտի Հետապնդէ Քիւրտ Զինեալները» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու -

​Թուրքիան Ամէնուր Պիտի Հետապնդէ Քիւրտ Զինեալները» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու ​Թուրքիան Ամէնուր Պիտի Հետապնդէ Քիւրտ Զինեալները» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած է, որ երկիրը կը պայքարի եւ պիտի շարունակէ պայքարիլ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան դէմ` թէ՛ Թուրքիոյ տարածքին, թէ՛ ալ երկրին սահմաններէն դուրս:

Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Չաւուշօղլու նշած է, թէ «Թուրքիոյ անվտանգութեան սպառնացող» քրտական խմբաւորման անդամներուն դէմ երկրի համապատասխան մարմինները կը պայքարին բոլոր այն երկիրներուն մէջ, ուր վերջիններս կը ծաւալեն իրենց գործունէութիւնը:

Խօսելով Սուրիոյ մէջ թրքական զինեալ ուժերուն շղթայազերծած «Եփրատի վահան» գործողութեան աւարտին մասին` Չաւուշօղլու շեշտած է, որ սուրիական Պապ շրջանի «ազատագրումը» տակաւին չի նշանակեր, որ Թուրքիան Սուրիոյ հիւսիսը ամբողջովին հասած է իր նպատակին` ապահովել Թուրքիոյ սահմաններուն անվտանգութիւնը ամբողջ թուրք-սուրիական սահմանի երկայնքին:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտնած է, որ թուրք զինուորականները տակաւին դուրս չեն եկած Սուրիոյ տարածքէն:








Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+