Նախագահ Սերժ Սարգսեան Այցելած Է «Եռաբլուր» Զինուորական Պանթէոն -
Նախագահ Սերժ Սարգսեան Այցելած Է «Եռաբլուր» Զինուորական Պանթէոն
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի եւ զինուած ուժերու բարձրաստիճան սպայակազմի ընկերակցութեամբ այցելած է «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն:
Ըստ նախագահի պաշտօնական կայքին, նախագահ Սարգսեան յարգանքի եւ երախտագիտութեան տուրք մատուցած է հակառակորդին կողմէ սանձազերծուած ապրիլեան զինուորական գործողութիւններու ժամանակ հայրենիքի սահմաններու պաշտպանութեան ընթացքին անձնուիրաբար զոհուած մերօրեայ հերոսներուն եւ արցախեան ազատամարտին հայրենիքի անկախութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերած բոլոր հայորդիներուն յիշատակին:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com