​Լուսաւորիչի Շնորհաբաշխ Աջը Անգամ Մը Եւս Օրհնեց, Սրբեց Ու Լուսաւորեց Ուխտաւորներու Բազմութիւնը - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Կամաւօտ

Հայերէն :

03 Nisan 2017  

​Լուսաւորիչի Շնորհաբաշխ Աջը Անգամ Մը Եւս Օրհնեց, Սրբեց Ու Լուսաւորեց Ուխտաւորներու Բազմութիւնը -

​Լուսաւորիչի Շնորհաբաշխ Աջը Անգամ Մը Եւս Օրհնեց, Սրբեց Ու Լուսաւորեց Ուխտաւորներու Բազմութիւնը ​Լուսաւորիչի Շնորհաբաշխ Աջը Անգամ Մը Եւս Օրհնեց, Սրբեց Ու Լուսաւորեց Ուխտաւորներու Բազմութիւնը

Տարիներու աւանդութեան համաձայն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը նշեց հայ ժողովուրդի հաւատքի հօր` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետին չարչարանքներն ու Խոր վիրապ մուտքի յիշատակի օրը: Յատուկ նշանակութիւն ունի Կիլիկեան Ս. աթոռին համար այս տօնը, որ 86 տարիներ առաջ` 1931-ին, Սահակ Բ. Խապայեան կաթողիկոսի հայրապետական կոնդակով հաստատուած է իբրեւ «Անթիլիասի ուխտի օր»:

Արդարեւ, կիրակի, 2 ապրիլ 2017-ի առաւօտուն, նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, վեհարանի դահլիճէն սկիզբ առաւ հայրապետական թափօրը, որուն առջեւէն կ՛ընթանար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հոգեւոր հարստութիւնը նկատուող սրբազան մասունքներու արկղը: Օրուան պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Պատարագին ու թափօրին իրենց մասնակցութիւնը բերին միաբան հայրեր, դպրեվանեցիներ, Լիբանանի հայոց թեմի քահանայից դասը, կիրակնօրեայ դպրոցներու աշակերտներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը: Ս. պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Գարեգին վրդ. Շխրտըմեանի:

Պատարագի ընթացքին սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ նախ եւ առաջ խօսեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետի նախավիրապեան կեանքին եւ ընդհանուր պատմական ակնարկ մը նետեց անոր կեանքին ու գործունէութեան մասին: Սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ նշեց, որ «մեր եկեղեցին ծնունդ առաւ Խոր Վիրապի չարչարանքներէն ու պատմութեան ընթացքին բազմիցս մեր ժողովուրդը ինկաւ այդ Խոր Վիրապին մէջ, սակայն Լուսաւորիչի ծնունդ տուած հաւատքով ու լոյսով կրցաւ վեր բարձրանալ ու յաղթանակել: Հայ Ժողովուրդը իր պատմութեան ընթացքին կրցաւ այդ Խոր Վիրապն ու անոր չարչարանքները յաղթահարել` շնորհիւ Լուսաւորիչի փոխանցած Քրիստոսի հաւատքին»: Առաջնորդ սրբազանը շեշտեց նաեւ սրբութեան կարեւորութիւնը` յայտնելով, որ առանց սրբութեան ազգ մը կը դառնայ անդիմագիծ եւ նոյն այդ սկզբունքին հետեւելով է, որ հայ ժողովուրդը գիտցած է միշտ վառ պահել իր սուրբերուն յիշատակը եւ ընդգծեց այդ սրբութիւններու լոյսին տակ նոր սերունդը դաստիարակելու անհրաժեշտութիւնը:

Պատարագի աւարտին, հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, միաբան հայրերը, Լիբանանի հայոց թեմի քահանայից դասը, դպրեվանեցիներն ու հաւատացեալներու հոծ բազմութիւնը մասնակից դարձան հայ ժողովուրդի հաւատքի հօր` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետին լուսաւորող Աջով առաջնորդուող աւանդական թափօրին: Յայտնենք, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետի Ս. Աջին կողքին հաւատացեալ ժողովուրդը օրհնուեցաւ նաեւ եկեղեցւոյ մեծագոյն սուրբերէն` Ս. Սեղբեստրոս եւ Ս. Նիկողայոս հայրապետներու Աջերով, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանը ի պահ դրուած այլ սրբազան մասունքներով:

Հաւատացեալ ժողովուրդը երկիւղածութեամբ ու ջերմեռանդ հաւատքով համբուրեց վեհափառ հայրապետին ձեռամբ առաջնորդուող Ս. Լուսաւորչի Աջը` հայցելով բժշկութիւն, բարեխօսութիւն եւ լուսաւորութիւն:

Սրբազան թափօրի աւարտին, Արամ Ա. կաթողիկոս միաբան հայրերու ընկերակցութեամբ բարձրացաւ Ս. Խորան, ուր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետի սրբազան Աջով կատարեց ջրօրհնէքի արարողութիւնը, որմէ ետք մայր տաճարի խորանին վրայ դրուեցան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետին, Ս. Սեղբեստրոս եւ Ս. Նիկողայոս հայրապետներուն աջերը, որոնք միաբան հայրերու հսկողութեան տակ այդտեղ մնացին մինչեւ ուշ երեկոյ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+