«Թուրքիան Գործի Պիտի Լծուի Թրքական «Հալք» Դրամատան Բարձրաստիճան Պաշտօնատարին Միացեալ Նահանգներու Մէջ -
«Թուրքիան Գործի Պիտի Լծուի Թրքական «Հալք» Դրամատան Բարձրաստիճան Պաշտօնատարին Միացեալ Նահանգներու Մէջ Ձերբակալման Հարցով» Կ՛ըսէ Էրտողանի Խորհրդականը
Թուրքիոյ նախագահի խորհրդականներէն մէկը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ իր երկիրը դրամատան մը բարձրաստիճան թուրք պաշտօնատարի մը Միացեալ Նահանգներու մէջ ձերբակալման հարցով պիտի որդեգրէ անհրաժեշտ դիւանագիտական եւ իրաւաբանական միջոցառումները:
Լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ամերիկեան իշխանութիւնները թրքական «Հալք» դրամատան բարձրաստիճան պաշտօնատարը ամբաստանած է ոսկիի առեւտրական թուրք-իրանցի Ռիտա Տարրապի հետ մեղսակցութեան յանցանքով: Վերջինս ներկայիս դատի կ՛ենթարկուի:
Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղ նախապէս յայտարարած էր, որ թրքական դրամատան բարձրաստիճան պաշտօնատարին ձերբակալութիւնը «բացառապէս քաղաքական միջոցառում մըն է»:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com