Խոփը Ժայռին Դպաւ -
Խոփը Ժայռին Դպաւ
Գիտութեան աներեւակայելի նուաճումները կրնան անհաւատալի բազում երեւոյթներ իրականացնել: Վերջերս կը խօսուէր մէկու մը մասին, որ յաջողած էր վայրի արջը կրթել եւ սորված երաժշտութեան մը ընկերակցութեամբ` արջին հետ թանկօ պարել: Իրա՛ւ ալ անկարելի ըսելու արժանի ոչ մէկ բան մնացած է երկրի վրայ, ներառեալ` արջի հետ թանկօ պարելը: Այո՛, կարելի է, բայց անհրաժեշտ է նաեւ չափազանց խիստ ուշադրութեամբ կատարել այդ պարը: Որեւէ սխալ քայլ կրնայ պատճառ դառնալ, որ արջը վերյիշէ իր բնազդը, եւ կատարուելիքները երեւակայելն անգամ սոսկալի կ՛ըլլան:
Կրնաք պատկերացնել, թէ ինչե՜ր կրնան պատահիլ, երբ արջի հետ պարի ելլողը սխալի եւ իր սրածայր կրունկով յանկարծ կոխէ արջի ճկոյթին: Ո՛վ գիտէ` որքա՜ն վտանգաւոր պիտի ըլլան գազանին գիտական եղանակներով սորված ամէն ինչը մէկդի դնելով` ակնթարթի մը մէջ իր բնազդին վերադառնալու հետեւանքները: Ուրեմն, ինքն իր գլխուն շատ մեծ նշանակութիւն մը չ՛ունենար այդ գիտական դաստիարակութիւնը, եթէ պարողը զգուշ չըլլայ իր քայլերուն մէջ:
Այս օրերուն Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ միջեւ դիւանագիտական ճգնաժամը մտածել կու տայ նման վարկած: Իրա՛ւ ալ Էրտողան եւ Մերքել միջոցէ մը ի վեր կը փորձեն թանկօ պարել: Միասին պարել կարենալու համար վերջերս երկուքն ալ յաճախակի կերպով այցելեցին միմեանց երկիրներ: Սա պահուն չենք գիտեր, թէ հանրաքուէի նախօրեակին Թուրքիոյ պետական գործիչներուն քարոզարշաւին արգելք ըլլալով` «շանսէօլիէ» Մերքե՞լը իր սրածայր կրունկով կոխեց Էրտողանի ճկոյթին, թէ՞ նացիական մեղադրանքով Էրտողա՛նը կոխկռտեց Մերքելի ճկոյթին: Այս հարցումին պատասխանը առայժմ յայտնի չէ, բայց այժմէն արդէն յստակ է, որ խոփը ժայռին դպա՛ւ:
Բոլորս գիտենք, Գերմանիան` որպէս Բ. Համաշխարհային պատերազմին տեղի տուող երկիր, իր այդ արկածախնդրութեան հետեւանքը շատ ծանր հատուցեց` ամբողջ երկրի մը միասնական ամօթխածութեամբ: Համաշխարհային հասարակութիւնը չէր կրնար ներողամիտ գտնուիլ կատարուած անմարդկութեան դիմաց: Արդարեւ, Գերմանիա կորսնցուց 1920-ական տարեթիւերուն ծնած սերունդի այրերուն կարեւո՛ր մէկ մասը: Կործանեցան քաղաքները, գրաւուեցաւ երկիրը եւ հարկադրուեցաւ շա՛տ ծանր տուգանքներ մուծելու: Սակայն, այդ բոլորին ընդմէջէն, գերմանական հասարակութիւնը յաջողեցաւ իր կատարած սխալին գիտակցիլ: Այդ գիտակցութեան վրայ հիմնեց իր ամբողջ կրթական համակարգը: Չարտօնե՛ց, որ աւելի վերջ նման պատեհապաշտներ յայտնուին եւ ցեղապաշտութեամբ թունաւորել փորձեն Գերմանիոյ ապագայ սերունդները:
Իսկ Թուրքիա՛ն, իբրեւ Ցեղասպանութիւն կատարած երկիր, դիմեց հակառակ ճամբուն: Պանծացուց իր ցեղապաշտ նախնեաց արարքը, հպարտացաւ անոնց կատարածներով® Հետեւաբար առիթ չունեցաւ չարիքէն դաս քաղելու եւ համաշխարհային հասարակութեան դիմաց ճակատաբաց մնալու: Տիկին Մերքելի քաղաքականութեան պատճառով, այսօր Եւրոպա պատա՛նդ է Էրտողանի դիմաց: Եւ այս իրողութեան առթած համարձակութեամբ, Էրտողան հալածեց ամբո՛ղջ գերման ժողովուրդը` անոր համար ամենազգայուն եղած նիւթով: Շատ կարեւոր կանխատեսում մը չէ ենթադրել, թէ այս անգամ ժայռին դիպչող խոփը եւ Թուրքիան բաւակա՛ն սուղ պիտի հատուցեն` ներքին քաղաքականութեան հաշուոյն բերնէն ելածին սահման չդնելու պատճառով:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com