Անդրադարձ. Հեգնական Ու Կեղծ Նախանձախնդրութիւն -
Անդրադարձ. Հեգնական Ու Կեղծ Նախանձախնդրութիւն
Թրքական «Կազեթէտուվար» կայքը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է. «Քրտական ջոկատները պէտք է լքեն սուրիական Մընպեժը, անիկա արաբական հող է»:
Հեգնական է, որ սուրիական Ալեքսանտրէթը, Հիւսիսային Կիպրոսը եւ Արեւմտեան Հայաստանը բռնագրաւած, հիւսիսային Սուրիա ներխուժած եւ իրաքեան Պաաշիքա շրջանին մէջ անօրինական զինուորական ներկայութիւն հաստատած երկրի մը նախագահը նախանձախնդրութիւն կը յայտնէ արաբական հողերուն նկատմամբ:
Ան նաեւ կը նշէ, որ թրքական զինեալ ուժերը ամէն գնով Մընպեժէն դուրս պիտի մղեն Սուրիոյ տարածքին մէջ գործող քիւրտ զինեալները` այդպիսով «Եփրատի վահան» գործողութեան ծիրին մէջ սուրիական հողեր ներխուժած իր երկրին զինեալ ուժերը ներկայացնելով իբրեւ արաբական հողերը քիւրտերու բռնագրաւումէն ազատագրող փրկարար բանակ:
Էրտողան Սուրիոյ քիւրտերը կը նկատէ եկուորներ եւ անկոչ ու անբաղձալի հիւրեր: Ան կը մերժէ Սուրիոյ ընկերութեան մէկ անքակտելի մասը եղող քիւրտերուն սուրիացիութիւնը, ճիշդ ինչպէս կը մերժէ Թուրքիոյ քիւրտերուն եւ այլ փոքրամասնութեանց քաղաքացիութիւնը կամ լաւագոյն պարագային լիարժէք քաղաքացիութիւնը:
Էրտողան քրտաբնակ Մընպեժի արաբական տարածք ըլլալուն վրայ պնդելով կ՛ուզէ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ժողովրդագրական պատկերի փոփոխութիւն կատարել. յանցանք մը, որով ան շարունակ կը մեղադրէ քրտական ուժերը: Աւելի՛ն, ան տողատակի իր պատրաստակամութիւնը կը յայտնէ` իբրեւ միջին լուծում ընդունելու Մընպեժի վրայ սուրիական բանակին վերահսկողութեան հաստատումը, պատրաստակամութիւն մը, որ նախապէս հրապարակաւ յայտարարուած էր Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի կողմէ:
Արաբական հողերուն նկատմամբ Էրտողանի նախանձախնդրութիւնը կեղծ է. անոր նպատակը հիւսիսային Սուրիոյ մէջ քրտական ինքնավար մարզի մը ձեւաւորման հեռանկարին կանխարգիլումն է: Անոր յայտարարութեան դրդապատճառը արաբական հողերուն նկատմամբ նախանձախնդրութիւնը չէ, այլ քիւրտերուն նկատմամբ թշնամանքը:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com