Ուաշինկթըն. «Սուրիոյ Ապագան Պէտք Է Ճշդեն Սուրիացիները» -
Ուաշինկթըն. «Սուրիոյ Ապագան Պէտք Է Ճշդեն Սուրիացիները»
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը, անդրադառնալով Ռաքքան Սուրիոյ հիւսիսը դաշնակցային դրութեան կցելու վերաբերեալ քրտական յայտարարութիւններուն, յայտարարեց, որ «Սուրիոյ ապագան պէտք է ճշդեն սուրիացիները»` վերահաստատելով ՏԱՀԵՇ-ի դէմ տեղական ուժերուն աջակցելու Միջազգային դաշինքին յանձնառութիւնը:
Նախարարութիւնը Սուրիոյ ապագայ քաղաքական կառոյցին վերաբերեալ իր կեցուածքը վերահաստատելով յայտնեց. «Մեր քաղաքականութիւնը հիմնուած է այն բանին վրայ, որ սուրիացիները իրենք պէտք է լուծեն Սուրիոյ ապագային վերաբերեալ հարցերը` հիմնուելով իշխանութեան քաղաքական փոխանցման, ընտրական հոլովոյթին վրայ, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 2254 որոշումին մէջ ճշդուած ձեւով»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը սուրիական բոլոր կուսակցութիւններուն կոչ ուղղեց` միասնաբար աշխատելու քաղաքական հոլովոյթը ըստ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 2254 բանաձեւին յառաջ մղելու համար:
Մինչ այդ, քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու ղեկավար Սապան Հօ «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ Եփրատի արեւելեան ափին վրայ Միացեալ Նահանգներու հետ, իսկ արեւմտեան ափին վրայ Ռուսիոյ հետ համագործակցութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ ահաբեկչութեան վերջ տալը, քրտական հարցին արդար լուծում մը գտնելը եւ Սուրիոյ մէջ Դամասկոսի եւ շրջաններուն միջեւ դաշնակցային դրութեան հաստատումը:
Ան չբացառեց, որ քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավար ուժերու դաշինքը քանի մը շաբաթ ետք ՏԱՀԵՇ-էն Ռաքքայի ազատագրումէն ետք մասնակցի Իտլիպը Ժապհաթ Նուսրայէն ազատագրելու գործողութեան:
Ան յայտնեց, որ Ռուսիոյ եւ Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն միջեւ Աֆրինի մէջ կեդրոնի մը հաստատման շուրջ համաձայնութիւնը ռուսական ռազմակայանի մը հաստատման համար չէ, այլ Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները տեսակարար գործողութիւններու եւ կարգ մը զէնքերու օգտագործման մարզումի համար կեդրոնի:
«Մենք քաղաքական եւ զինուորական ճակատամարտ կը մղենք: Արդար դատ մը ունինք եւ համակարգում կը կատարենք ու կը գործակցինք մեզի աջակցող կողմերուն հետ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Քրտական հարցին արդար լուծումը պէտք է ըլլայ Սուրիոյ մէջ դաշնակցային դրութիւնը, որուն կեդրոնը պիտի ըլլայ Դամասկոսի մէջ»:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն դիւանագիտական աղբիւր մը «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռիքս Թիլըրսըն մտադիր է այցելել Անգարա` քննարկելու համար Սուրիոյ մէջ կացութեան հանդարտեցումը, որուն շուրջ Ասթանայի մէջ քննարկումներ տեղի կ՛ունենան Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ:
«Մենք կը ծրագրենք թրքական կողմին հետ քննարկել Ռուսիոյ հետ Ասթանայի մէջ անոնց քննարկած հանդարտեցման գործադրութեան ձեւը», նշեց աղբիւրը:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com