Մոսկուայի Մէջ Լը Փեն-Փութին Հանդիպում - Հայերէն
27 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Վահագն / Ժամ : Շառաւիղեալ

Հայերէն :

25 Mart 2017  

Մոսկուայի Մէջ Լը Փեն-Փութին Հանդիպում -

Մոսկուայի Մէջ Լը Փեն-Փութին Հանդիպում Մոսկուայի Մէջ Լը Փեն-Փութին Հանդիպում

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Մոսկուայի մէջ Ֆրանսայի նախագահութեան թեկնածու, Ազգային ճակատ կուսակցութեան ղեկավար Մարին Լը Փենի հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին յայտնեց. «Մոսկուա մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայէ Փարիզի հետ իր յարաբերութիւններուն եւ չի ձգտիր որեւէ ձեւով միջամտել ֆրանսական նախագահական ընտրութիւններուն»:

Փութին յայտնեց, որ իր երկիրը իրեն կը վերապահէ Ֆրանսայի մէջ որեւէ քաղաքական ուժի ներկայացուցիչներուն հետ խօսելու իրաւունքը, «ճիշդ ինչպէս Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ մեր գործընկերները կը կատարեն»: «Մենք կը ձգտինք լաւ յարաբերութիւններ պահպանել ներկայ կառավարութեան ներկայացուցիչներուն եւ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներուն հետ», ըսաւ ան:

Լը Փեն կոչ ուղղեց ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու համար գաղտնի սպասարկական տեղեկութիւններու փոխանակում կատարելու:

«Ինթըրֆաքս» նախապէս հաղորդած էր, որ Լը Փեն Մոսկուայի մէջ Տումայի միջազգային յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամներուն հետ հանդիպումին ընթացքին ըսած է. «Այս նոր աշխարհը, որ այժմ կը ծնի մեր աչքին առջեւ, արդէն կը բախի երկու վիթխարի, մեծագոյն մարտահրաւէրներու` համաշխարհայնացումին եւ իսլամական արմատականութեան»:

Ան աւելցուցած է, որ իսլամական արմատականութիւնը ահաբեկչական գործողութիւններու միջոցով հարուածներ կը հասցնէ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան:








Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+