Այնքան Ատեն Որ Ինծի Բռնապետ Կ՛ըսեն, Ես Ալ Իրենց Նացիական Պիտի Ըսեմ» Կ՛ըսէ Էրտողան -
Այնքան Ատեն Որ Ինծի Բռնապետ Կ՛ըսեն, Ես Ալ Իրենց Նացիական Պիտի Ըսեմ» Կ՛ըսէ Էրտողան
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան «Սի.Էն.Էն. Թիւրք» եւ «Քանալ Տ» պատկերասփիւռի կայաններուն հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ այնքան ատեն, որ Գերմանիան եւ Հոլանտան զինք բռնապետ կը կոչեն, ինքն ալ պիտի շարունակէ զիրենք նացիական կոչել:
«Անոնք իրաւունք ունին Էրտողանը անուանել բռնապետ, իսկ Էրտողանը զանոնք նացիական կամ ֆաշական կոչելու իրաւունք չունի՞: Այնքան ատեն, որ անոնք Էրտողանին բռնապետ կ՛ըսեն, ես ալ անոնց նացիական պիտի ըսեմ», յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահը:
Ան նշած է, որ 16 ապրիլին տեղի ունենալիք սահմանադրական հանրաքուէէն ետք Գերմանիոյ եւ Հոլանտային անակնկալներ կը սպասեն: «Քաղաքական մարզին մէջ վերատեսութիւններ պիտի ըլլան: Չենք կրնար ընդունիլ իրենց երկիրը մեր արտաքին գործոց նախարարի մուտքը չարտօնելու վերաբերմունքը», յայտարարած է Էրտողան:
Թուրքիոյ նախագահը նաեւ յայտնած է, որ հանրաքուէէն ետք` մայիսին հանդիպում պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ:
Էրտողան երէկ յայտարարեց, որ թուրք ժողովուրդը 16 ապրիլի հանրաքուէին ընթացքին պիտի պատասխանէ Եւրոպայի վարմունքին:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com