Էրտողան. «Պուլկարիան Ճնշում Կը Բանեցնէ Տեղւոյն Թուրքերուն Վրայ» -
Էրտողան. «Պուլկարիան Ճնշում Կը Բանեցնէ Տեղւոյն Թուրքերուն Վրայ»
«Անատոլու» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ Պուլկարիոյ իշխանութիւնները ճնշման կ՛ենթարկեն տեղւոյն թրքական համայնքը:
Էրտողան նշած է, որ ինք շատ կը տխրի` ստեղծուած իրավիճակը տեսնելով:
«Հոն շատ լուրջ ճնշումներու բանեցումը տեսնելն ու այդ մասին լսելը մեզ շատ կը տխրեցնէ: Մէկ կողմէ կը խօսիք ժողովրդավարութեան մասին, միւս կողմէ այնտեղի թուրքերուն նկատմամբ ճնշումներ կը գործադրէք, այդպէս չ՛ըլլար», ըսած է ան եւ նշած, որ իրենք յոյս ունին, որ Պուլկարիոյ մէջ 26 մարտին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան ազատ ու արդար պայմաններու մէջ: Ան նաեւ յայտարարեց. «Չենք կրնար Հոլանտա եւ Գերմանիա գտնուող մեր եղբայրները առանձին ձգել»:
Նախապէս Պուլկարիոյ նախագահ Ռումեն Ռատեւ հաստատած է իր երկրին մէջ կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն Թուրքիոյ միջամտութեան վերաբերող լուրերը:
Անգարա կոչ ուղղած է Թուրքիա բնակող 60 հազար պուլկարացիներուն` քուէարկելու «Տոսթ» կուսակցութեան, ինչ որ Սոֆիա անընդունելի համարած է` զայն նկատելով միջամտութիւն Պուլկարիոյ ներքին գործերուն:
Պուլկարիան նաեւ Թուրքիայէն տուն կանչած էր իր դեսպանը:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com