​ՏԱՀԵՇ Կը Ստանձնէ Լոնտոնի Մէջ Յարձակումին Պատասխանատուութիւնը - Հայերէն
29 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Վարագ / Ժամ : Զօրացեալ

Հայերէն :

24 Mart 2017  

​ՏԱՀԵՇ Կը Ստանձնէ Լոնտոնի Մէջ Յարձակումին Պատասխանատուութիւնը -

​ՏԱՀԵՇ Կը Ստանձնէ Լոնտոնի Մէջ Յարձակումին Պատասխանատուութիւնը ​ՏԱՀԵՇ Կը Ստանձնէ Լոնտոնի Մէջ Յարձակումին Պատասխանատուութիւնը

ՏԱՀԵՇ ստանձնեց Լոնտոնի մէջ չորեքշաբթի օր արձանագրուած յարձակումին պատասխանատուութիւնը:

Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ յայտնեց, որ յարձակումին հեղինակը Բրիտանիոյ քաղաքացի է` աւելցնելով. «Չենք վախնար, եւ ահաբեկչութեան դիմակայման մեր վճռակամութիւնը պիտի չտկարանայ»: Ան նաեւ այլ յարձակումներ չբացառեց` աւելցնելով, որ յարձակումին հեղինակը ազդուած է ՏԱՀԵՇ-ի գաղափարախօսութենէն: Բրիտանիոյ ոստիկանութիւնը երէկ հաղորդեց, որ խնդրոյ առարկայ անձին անունը Խալիտ Մասուտ է:

Բրիտանիոյ ոստիկանութիւնը իր կարգին յայտարարեց, որ բրիտանական խորհրդարանին մօտ կատարուած յարձակումին հարցով ձերբակալած է 7 կասկածեալներ:

Յարձակումին պատճառով արձանագրուած է 5 զոհ եւ աւելի քան 20 վիրաւոր: Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ յայտարարեց, որ զոհերուն շարքին է ամերիկացի մը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+