Եւրոպական Յանձնաժողովը Էրտողանի Յայտարարութեան Հարցով Կանչած Է Թուրքիոյ Դեսպանը -
Եւրոպական Յանձնաժողովը Էրտողանի Յայտարարութեան Հարցով Կանչած Է Թուրքիոյ Դեսպանը
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական յանձնաժողովը կանչած է Եւրոպական Միութեան մօտ Թուրքիոյ դեսպանը:
Յանձնաժողովը պաշտօնապէս բացատրութիւն պահանջած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի վերջին յայտարարութեան մասին:
Էրտողան 22 մարտին, դիմելով Եւրոպային, յայտարարած էր. «Կոչ կ՛ուղղեմ մեզի մատ թափ տուող եւրոպացիներուն. Թուրքիան այն երկիրը չէ, որուն պատիւի հետ կրնաք խաղալ, նախարարները դրան մօտէն վռնտել, քաղաքացիները անհանգստացնել: Աշխարհի որեւէ վայրի մէջ տեղի ունեցող նման դէպքերու մօտէն կը հետեւինք: Եթէ շարունակէք այսպէս վարուիլ, վաղը աշխարհի ոչ մէկ կէտի մէջ ոչ մէկ եւրոպացի, արեւմուտքի ներկայացուցիչ պիտի կարողանայ փողոցը ապահով քալել: Եթէ բացած էք այս վտանգաւոր ուղին, մեծագոյն վնասը դուք պիտի կրէք»:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com