Եւրոպական Յանձնաժողովը Էրտողանի Յայտարարութեան Հարցով Թուրքիոյ Դեսպանը Կանչած է -
Եւրոպական Յանձնաժողովը Էրտողանի Յայտարարութեան Հարցով Թուրքիոյ Դեսպանը Կանչած է
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին փոխանցած տեղեկութիւններով՝ յանձնաժողովը պաշտօնապէս բացատրութիւն պահանջած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի վերջին յայտարարութեան մասին:
Մարտ 22-ին, դիմելով Եւրոպային, Էրտողան յայտարարած էր. «Կոչ կ՛ուղղեմ մեզի մատ թափ տուող եւրոպացիներուն. Թուրքիան այն երկիրը չէ, որուն պատիւին հետ կրնաք խաղալ, նախարարները վռնտել դրան մօտէն, անհանգստացնել քաղաքացիները: Մօտէն կը հետեւինք աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ տեղի ունեցող նման դէպքերուն: Եթէ շարունակէք այսպէս վարուիլ, վաղը աշխարհի ոչ մէկ կէտի վրայ ոչ մէկ եւրոպացի, արեւմուտքի ներկայացուցիչ պիտի կարենայ փողոցը ապահով քալել: Եթէ բացած էք այս վտանգաւոր ուղին, մեծագոյն վնասը դուք պիտի կրէք»:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com