Եւրոպա Ապրող Թուրքերու Ապագան Թուրքիոյ Մէջ Է» Կ՛ըսէ Լը Փենի Զարմուհին -
Եւրոպա Ապրող Թուրքերու Ապագան Թուրքիոյ Մէջ Է» Կ՛ըսէ Լը Փենի Զարմուհին
Ֆրանսայի նախագահութեան թեկնածու, Ազգային ճակատ կուսակցութեան ղեկավար Մարին Լը Փենի զարմուհին` երեսփոխան Մարիոն Մարշալ Լը Փեն, պատասխանած է Թուրքիոյ նախագահին Եւրոպա բնակող թուրքերուն ուղղած հինգ զաւակ ունենալու կոչին:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւրոպաբնակ թուրքերուն կոչ ուղղած էր` աւելի շատ երեխայ ունենալու: «Ունեցէք ո՛չ թէ երեք, այլ հինգ երեխայ: Տեղը, ուր դուք կ՛ապրիք, այժմ ձեր հայրենիքն է: Բացէք գործատեղիներ, երեխաներուն լաւագոյն դպրոցները ուղարկեցէք, լաւագոյն ինքնաշարժները վարեցէք, ապրեցէք լաւագոյն տուներուն մէջ ու հինգ երեխայ ունեցէք: Որովհետեւ դուք Եւրոպայի ապագան էք, եւ ատիկա պիտի ըլլայ այսօրուան անարդարութեան լաւագոյն պատասխանը», ըսած էր Էրտողան:
«Սիրելի՛ Էրտողան, Եւրոպա ապրող թուրքերուն ապագան Թուրքիոյ մէջ է», գրած է Լը Փեն «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com