​Խօսելով Թուրքիոյ Մէջ Բանտարկուած Լրագրողներուն Մասին. «Բոլորը Գող, Ահաբեկիչ Ու Մանկապիղծ Են» Կ՛ըսէ - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Լուսափայլ

Հայերէն :

23 Mart 2017  

​Խօսելով Թուրքիոյ Մէջ Բանտարկուած Լրագրողներուն Մասին. «Բոլորը Գող, Ահաբեկիչ Ու Մանկապիղծ Են» Կ՛ըսէ -

​Խօսելով Թուրքիոյ Մէջ Բանտարկուած Լրագրողներուն Մասին. «Բոլորը Գող, Ահաբեկիչ Ու Մանկապիղծ Են» Կ՛ըսէ ​Խօսելով Թուրքիոյ Մէջ Բանտարկուած Լրագրողներուն Մասին. «Բոլորը Գող, Ահաբեկիչ Ու Մանկապիղծ Են» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հրատարակչատուներու պատասխանատուներուն առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Պոլսոյ Գերմանիոյ հիւպատոսարանը կը պաշտպանէր ահաբեկիչ մը` պնդելով, որ լրագրող է: Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել մեզմէ պահանջեց զայն ազատ արձակել, սակայն անոր ըսի, թէ ահաբեկիչներուն վերաբերող հարցերը կը քննէ թրքական դատարանը, եւ մեր մօտ գործադիր իշխանութիւնը ատոր չի միջամտեր»:

«Գերմանիան Հոլանտային կ՛աջակցի եւ իր դռները կը փակէ Թուրքիոյ նախագահին ու նախարարներուն դիմաց, սակայն մենք իրաւունքին կը սատարենք եւ մեր քաղաքացիներուն պիտի աջակցինք», ըսաւ ան: Ան նշեց նաեւ, որ եթէ Արեւմուտքը «իր ներկայ ընթացքը շարունակէ», ապա «եւրոպացիներն ու արեւմուտքցիները պիտի չկարենան ապահով ձեւով փողոցը քալել»:

«Արեւմտեան երկիրները միշտ մեզ կ՛ամբաստանեն մամլոյ ազատութիւնն ու լրագրողներու իրաւունքները ոտնահարելու մէջ: Լրագրութեան այդ իրաւունքը հանրապետութեան նախագահը վարկաբեկելու եւ անոր հայհոյելու իրաւունք կու տա՞յ», հարց տուած է Էրտողան` նշելով. «Լրագրողներուն դէմ յարձակում չենք գործեր, սակայն իրաւունք ունինք անոնց դէմ գանգատ ներկայացնելու եւ արդարադատութեան յանձնելու»:

«Լրագրողները իրաւունք չունին անձիս, ընտանիքիս ու զաւակներուս հայհոյելու, սակայն ամէն իրաւունք ունին գործս քննադատելու», ըսաւ ան:

Խօսելով Թուրքիոյ մէջ բանտարկուած լրագրողներուն մասին` Թուրքիոյ նախագահը յայտարարեց. «Ըսի` անգամ մը բերէք (բանտարկուած լրագրողներու) ցանկը: 149 հոգինոց անուանացանկ մը բերին, նայեցայ անուններուն, բոլորը գող, ահաբեկիչ, մանկապիղծ են: Ասոնք ի՞նչ կապ ունին լրագրութեան հետ»: «Մենք լրագրողները չենք դատեր, այլ յանցագործներն ու ոճրագործները: Մենք Թուրքիոյ դէմ արեւմտեան շարունակուող արշաւները դիմակայելու որոշում մը որդեգրեցինք, եւ եւրոպացիներուն կ՛ըսեմ` Թուրքիան դիւրին խոցելի երկիր մը չէ, զայն կարելի չէ տապալել, ծունկի բերել եւ դիւրութեամբ անոր քաղաքացիներուն դէմ ոտնձգութիւն կատարել»:

Գերմանիա 4,5 Ամսուան Ընթացքին Մերժած Է Թուրքիոյ`
Զէնք-Զինամթերքի Մատակարարման 11 Դիմում

ԹԱՍՍ` վկայակոչելով գերմանական աղբիւր մը, կը հաղորդէ, որ Գերմանիան վերջին 4,5 ամսուան ընթացքին 11 անգամ մերժած է թրքական կառավարութեան դիմումները գերմանական սպառազինութիւն, առաջին հերթին` զէնք եւ փամփուշտ գնելու վերաբերող:

Գերմանիոյ դաշնակցային կառավարութեան ներկայացուցած տուեալներուն համաձայն, 2010-էն 2016-ի կէսերը երկարող ժամանակաշրջանին մերժուած է 8 նմանօրինակ դիմում:

Գերմանիոյ Ձախ կուսակցութենէն երեսփոխան Եան վան Աքեն, մեկնաբանելով լուրը, յայտնած է. «Ասիկա առաջին եւ ճիշդ քայլն է: Յաջորդ քայլը պէտք է ըլլայ այն, որ Թուրքիան առհասարակ զէնք չստանայ Գերմանիայէն»:

Գերմանական աղբիւրը կը գրէ, որ երկիրը մտահոգուած է Թուրքիոյ մէջ մարդու իրաւունքներու իրավիճակով, որ լրջօրէն վատթարացած է անցեալ ամառ տեղի ունեցած յեղաշրջումի փորձէն ետք: Պերլինի մէջ բազմաթիւ անգամներ Անգարայի կոչ ուղղած են` այդ առիթը չօգտագործելու քաղաքական մաքրագործումներ կատարելու համար:








Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+