Արձակազէնի Մը Կողմէ Թուրք Զինուորի Մը Սպանութեան Հակադարձելով. Թրքական Բանակը Ռմբակոծած Է Թուրքիոյ -
Արձակազէնի Մը Կողմէ Թուրք Զինուորի Մը Սպանութեան Հակադարձելով. Թրքական Բանակը Ռմբակոծած Է Թուրքիոյ Հետ Սուրիոյ Սահմանին Վրայ Քրտական Ուժերու Դիրքերը
Թրքական բանակը յայտարարեց, որ Ալեքսանտրեթի մէջ Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ սուրիական կողմէն կատարուած արձակազինութեան մը պատճառով սպաննուած է թուրք զինուոր մը` նշելով, որ հրացանաձգութեան հակադարձած է:
Թրքական զինուորական աղբիւր մը ռուսական «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան յայտնած է. «Թրքական հրետանին այս առաւօտեան, սուրիական կողմէն թուրք զինուորի մը սպանութեան պատճառ դարձած հրացանաձգութեան լոյսին տակ, ռմբակոծած է Սուրիոյ հետ հարաւային սահմանին վրայ գտնուող քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն պատկանող դիրքեր»:
Աղբիւրը նշեց, որ թրքական ուժերը հրետանիով ռմբակոծած են քրտական ուժերուն` Աֆրին քաղաքի մօտ գտնուող, սահմանին վրայ եղող դիրքերը:
Աղբիւրը աւելցուցած է, որ Ռեհանիյէի շրջանէն եղած հրացանաձգութեան պատճառով սպաննուած թուրք զինուորը սուրիական Աթմա գիւղին սահմանակից Պիւքիւլմազի ոստիկանատան մէջ պաշտօնեայ էր:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com