22 Mart 2017
Սփութնիք-ի թրքական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղ յայտարարած է, որ Հոլանտայի կատարածը Թուրքիոյ նկատմամբ աւազակութիւն է:
«Ճամբան կտրելը աւազակութիւն է, նախարարի ճամբան կտրել` առաւել եւս», ըսած է նախարարը` խօսելով Հոլանտայի մէջ Թուրքիոյ ընտանիքի հարցերու նախարար Ֆաթմա Պեթիւլ Սայիան Քայայի հետ պատահած միջադէպին մասին:
Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարը նաեւ յայտարարած է, որ Գերմանիոյ եւ Հոլանտայի ղեկավարները որեւէ ժամանակ կրնան գալ Թուրքիա եւ խօսք արտասանել «ո՛ւր որ կ՛ուզեն եւ որքա՛ն որ ուզեն»:
«Հակառակ անոնց երկերեսութեան` Թուրքիա չէ հրաժարած Եւրոպական Միութեան համարկուելու իր ծրագիրէն ու յամառ դիրքորոշումէն», ըսած է թուրք նախարարը: