16 Mart 2017
Պոլսոյ հայոց պատրիարքի տեղապահ ընտրուած է Գարեգին արք․ Պեքճեան. Այդ մասին կը յայտնէ Պոլսոյ հայկական պարբերականներէն «Լոյս»-ը:
Թուրքիոյ ժամանակով 15:00-ին մեկնարկած տեղապահի ընտրութեան քուէարկելու իրաւունք ունեցած են 30 հոգեւորականներ:
Պոլսոյ պատրիարքի տեղապահի ընտրութիւններուն ի սկզբանէ կը յաւակնէին Արամ արք․ Աթէշեան, Սահակ եպս․ Մաշալեան եւ Գերմանիոյ հայ համայնքի հոգեւոր առաջնորդ Գարեգին արք․ Պեքճեան:
Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեան, սակայն, հանած էր իր թեկնածութիւնը` յայտարարելով Գարեգին Պեքճեանին սատարելու մասին:
Այսօր կայացած ընտրութիւնը կը համարուի Պոլսոյ պատրիարքի ընտրութեան ընդառաջ առաջին կարեւոր քայլը:
Գարեգին արք. Պեքճեան պիտի ղեկավարէ նոր պատրիարքի ընտրութեան կազմակերպման գործընթացը, ինչպէս նաեւ պիտի ըլլայ պատրիարքարանի փաստացի ղեկավարը մինչեւ նոր պատրիարքի ընտրուիլը:
Տեղապահի ընտրութենէն ետք պիտի ձեւաւորուի Նախաձեռնող խումբ, որ պէտք է նախապատրաստէ նոր պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը: Խումբը ամէն ամիս ժողովուրդին պատրիարքի ընտրութեան գործընթացին վերաբերեալ զեկոյց պիտի ներկայացնէ: Ան պէտք է հաւասար պայմաններ ապահովէ պատրիարքական թեկնածուներուն համար` նախընտրական քարոզչութիւն իրականացնելու նպատակով: Եթէ վեց ամսուան ընթացքին պատրիարքի ընտրութիւններ չիրականացուին տեղապահի եւ Նախաձեռնող խումբին համար վստահութեան քուէ պիտի պահանջուի: