16 Mart 2017
«Ակօս» պարբերականը կը հաղորդէ, թէ երէկ Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցած քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք Պոլսոյ հայոց պատրիարքի տեղապահ ընտրուած է Պոլսոյ պատրիարքութեան Գերմանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Գարեգին արք. Պեքճեան:
Քուէարկութեան մասնակցած են պատրիարքարանի 34 հոգեւորականներ: Արքեպիսկոպոս Պեքճեան ստացած է 23 ձայն, իսկ միւս թեկնածուն` Պոլսոյ հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեանը` 11 ձայն: Պատրիարքի տեղապահի միւս թեկնածուն` պատրիարքարանի հոգեւոր խորհուրդի նախագահ Սահակ եպս. Մաշալեան աւելի կանուխ յայտարարած էր, որ յետս կը կոչէ իր թեկնածութիւնը` աջակցութիւն յայտնելով Գարեգին արք. Պեքճեանին:
Պատրիարքի փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեան այժմ պէտք է հեռանայ իր պաշտօնէն: Նորընտիր տեղապահը պատրիարքարանը պիտի ղեկավարէ մինչեւ նոր պատրիարքի ընտրութիւն` միեւնոյն ժամանակ նախապատրաստելով ընտրութեան գործընթացը: Կ՛ակնկալուի, որ յառաջիկայ 10 օրուան ընթացքին կազմուի նախաձեռնող խումբ մը, որ տեղապահին հետ զբաղին պատրիարքական ընտրութիւններու նախապատրաստական աշխատանքներով:
Եթէ վեց ամսուան ընթացքին ընտրութիւն տեղի չունենայ, ապա տեղապահի եւ նախաձեռնող խմբակին համար վստահութեան քուէ կրնայ պահանջուիլ: Պոլսոյ հայոց պատրիարքի նորընտիր տեղապահ Գարեգին արք. Պեքճեան «Ակօս»-ին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին նշած էր, որ վեց ամիս սպասելը պայման չէ, եւ եթէ նախապատրաստական աշխատանքները 2 ամսուան ընթացքին աւարտին, ապա կարելի է արդէն ընտրութիւն կազմակերպելու դիմում ներկայացնել թրքական պատկան մարմիններուն: Հետագայ գործընթացը արդէն կախեալ կ՛ըլլայ պետութենէն:
Այդուհանդերձ, թրքական մամուլը հրապարակեց տեղեկութիւններ այն մասին, որ պատկան մարմինները գրութիւն մը յղած են հայոց պատրիարքարան: «Ակօս»-ի հաղորդմամբ` տեղի ունեցած ընտրութիւններէն ետք Արամ արք. Աթեշեան ներկաներուն փոխանցած է Պոլսոյ նահանգապետարանէն ստացուած պաշտօնական գրութիւն մը, որուն համաձայն, իրաւական տեսանկիւնէ կարելի չէ սկսիլ նոր պատրիարքի ընտրութեան գործընթացին: Պատրիարքարանի հոգեւոր խորհուրդը անգամ մը եւս համախմբուած է քննարկելու վերոնշեալ գրութիւնը եւ այդ գծով առնուելիք քայլերը: