16 Mart 2017
Թրքական «Տիքեն» կայքը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներ կոչ ուղղած են Հոլանտայի եւ Թուրքիոյ` իրենց միջեւ գոյութիւն ունեցող լարուածութիւնը յաղթահարելու փոխադարձ յարգանքով:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր յիշեցուցած է, որ թէ՛ Հոլանտան, թէ՛ Թուրքիան ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներ են եւ պէտք է իրենց յարաբերութիւններուն մէջ առկայ խնդիրը լուծեն` հաշուի առնելով այդ փաստը:
Թոնըր նաեւ Թուրքիոյ եւ Հոլանտայի իշխանութիւններուն կոչ ուղղած է` խուսափելու լարուածութիւնը սրող յայտարարութիւններէ:
Միւս կողմէ` Հոլանտայի մայրաքաղաք Ամսթերտամի մէջ փողոց իջած ազգայնական թուրքերը խախտած են հասարակական կարգը, ինչ որ լայն արձագանգ գտած է հոլանտական լրատուամիջոցներու մէջ:
Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան համակիրները դրօշներով փակած են կեդրոնական փողոց մը եւ յարձակած փոխադրակառքի մը վրայ, հարուածած պատուհաններուն եւ սպառնացած մարդոց:
Մայրաքաղաքի ոստիկանութիւնը ձերբակալած է 12 թուրք: