16 Mart 2017
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսք յայտարարած է, որ Թուրքիոյ կողմէ Հոլանտային ուղղուած ֆաշական մեղադրանքները «կապ չունին իրականութեան հետ»:
«Ռոթերտամը, որ ամբողջովին աւերուած է նացիներուն կողմէ, այժմ ունի քաղաքապետ մը, որ ծնած է Մարոք: Եթէ մէկը Ռոթերտամի մէջ ֆաշականութիւն կը տեսնէ, ուրեմն ան բոլորովին անջատուած է իրականութենէն», Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստի ընթացքին ըսած է Թուսք:
Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժան-Քլոտ Եունքեր իր կարգին անթոյլատրելի համարած է Թուրքիոյ կողմէ Գերմանիոյ եւ Հոլանտայի հասցէին նացիական եւ ֆաշական մեղադրանքները:
«Ոչ թէ Եւրոպական Միութիւնն է, որ կը միանայ Թուրքիոյ, այլ Թուրքիան կը միանայ Եւրոպական Միութեան», նշած է Եունքեր: