16 Mart 2017
Երէկ Դամասկոսի Համիտիյէ թաղամասին մէջ գտնուող արդարութեան պալատին մուտքին տեղի ունեցաւ անձնասպանական գործողութիւն մը, որ պատճառեց բազմաթիւ զոհեր ու վիրաւորներ:
Նախնական տուեալներով, Դամասկոսի ոստիկանապետը յայտնեց, որ ականուած գօտիի պայթումին պատճառով արձանագրուած է 25 զոհ եւ տասնեակներով վիրաւորներ: Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ զոհերուն թիւը բարձրացած է 31-ի, իսկ վիրաւորներուն թիւը 65 է:
Շատ չանցած հաղորդուեցաւ, որ Դամասկոսի Ռապուէ շրջանին մէջ եւս տեղի ունեցած է պայթում մը:
Նշենք, որ այս մէկը անցնող քանի մը օրուան ընթացքին Դամասկոսը հարուածած երրորդ անձնասպանական գործողութիւնն է: Շաբաթ օր Դամասկոսի Պապ Սաղիր շրջանին մէջ շիիներու սրբավայրերու դէմ երկակի անձնասպանական գործողութիւն մը պատճառած էր 41 զոհ եւ 100 վիրաւոր: