16 Mart 2017
Հայաստանի խաղողագործութեան եւ գինեգործութեան հիմնադրամին աջակցութեամբ, Մարտ 19-21 հայկական 14 գինեգործական ընկերութիւններ մէկ միասնական տաղաւարով պիտի մասնակցին Գերմանիոյ Տուսելտորֆ քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք ամէնամեայ PROWEIN 2017-ին, որ կը նկատուի աշխարհի ամէնէն մեծ ու հեղինակաւոր գինիի մասնագիտացուած ցուցահանդէսը:
Ըստ PanArmenian.net-ի՝ ցուցահանդէսին մասնակցութեան հիմնական նպատակն է՝ օտար գնորդին ներկայացնել հայկական գինին եւ ընդլայնել սպառման շուկաները: