Հայաստան-Ռուսիա 25-Ամեայ Դիւանագիտական Յարաբերութիւնները Միշտ Կը Զարգանան - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Շաւաղօտ

Հայերէն :

16 Mart 2017  

Հայաստան-Ռուսիա 25-Ամեայ Դիւանագիտական Յարաբերութիւնները Միշտ Կը Զարգանան -

Հայաստան-Ռուսիա 25-Ամեայ Դիւանագիտական Յարաբերութիւնները Միշտ Կը Զարգանան Հայաստան-Ռուսիա 25-Ամեայ Դիւանագիտական Յարաբերութիւնները Միշտ Կը Զարգանան

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Մոսկուա տուած պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ 15 մարտին հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:

Ռազմավարական գործընկեր երկու պետութիւններու ղեկավարները քննարկած են հայ-ռուսական երկկողմանի եւ բազմակողմանի ձեւաչափով յարաբերութիւններու օրակարգին եւ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր, անդրադարձած են տարբեր մարզերու մէջ բարձր մակարդակով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ընթացքին:

Սերժ Սարգսեանն ու Վլատիմիր Փութինը քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի հարցի լուծման գործընթացը, մերժած են ուժով տագնապը լուծելու որեւէ փորձ, միտքեր փոխանակած են միջազգային եւ շրջանային արդի խնդիրներու ու մարտահրաւէրներու շուրջ:

Քննարկուած են յատկապէս երկկողմանի համագործակցութեան առանցքային հարցեր եւ եւրասիական տարածքին մէջ համարկման փոխգործակցութեան զարգացման հեռանկարները:

Նեղ կազմով հանդիպման սկիզբը Ռուսիոյ նախագահը, ողջունելով իր պաշտօնակիցը, ըսած է, որ 3 ապրիլին Ռուսիան ու Հայաստանը պիտի նշեն դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակը` աւելցնելով, որ այս տարիներուն հայ-ռուսական յարաբերութիւնները ձեռք բերած են դաշնակցային բնոյթ:

«Մենք աշխուժօրէն կը համագործակցինք միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ գրեթէ բոլոր ուղղութիւններով` ներառեալ յետխորհրդային տարածքին մէջ ստեղծուածները, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ: Այս տարիներուն արձանագրուած են բազմաթիւ իրադարձութիւններ, բայց Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ յարաբերութիւնները միշտ կառուցուած են անցեալի, դարերու խորքէն եկող խոր արմատներու հիման վրայ: Անոնք նոյն ձեւով կը շարունակուին զարգացման ներկայ փուլին», յայտնած է Փութին: Ան աւելցուցած է, որ նախորդ տարի երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական շրջանառութիւնը բարձրացած է վեց առ հարիւրով` դիտել տալով, որ այս գծով մնայուն աշխատանք կը տարուի:

«Մենք գիտենք, որ մեր հանդիպումը տեղի կ՛ունենայ նաեւ Հայաստանի մէջ ներքին քաղաքական մեծ իրադարձութիւններու պատրաստութեան նախօրեակին. 2 ապրիլին կը նախատեսուին խորհրդարանական ընտրութիւններ, եւ այս բոլորը կապուած է սահմանադրական բարեփոխումներուն հետ: Գործընթացը, կարծես, դիւրիններէն չէ, բայց համոզուած եմ, որ Հայաստանը, ձեր ղեկավարութեամբ, պիտի անցնէ զարգացման այս փուլը», ըսած է Փութին:

Ռուսիոյ նախագահը նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանին` Սուրիոյ մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրելուն համար: «Երախտապարտ ենք մեր հայ պաշտօնակիցներուն` հոկտեմբեր 2016-ին եւ փետրուար 2017-ին Հայաստանէն Սուրիա մարդասիրական օժանդակութիւն ուղարկելնուն համար», ըսած է ան:

Նախագահ Սարգսեան նշած է, որ երկու երկիրներու փոխգործակցութիւնը անընդհատ կը համալրուի, ի յայտ կու գան նոր հարցեր, եւ բարձրագոյն մակարդակով մնայուն հանդիպումները կարելիութիւն կու տան ամփոփելու տուեալ ժամանակաշրջանին կատարուած աշխատանքը, եւ բնականաբար, նախանշել համագործակցութեան գլխաւոր ուղղութիւնները մօտիկ ապագային եւ հեռանկարին համար: Ան անդրադարձած է երկու երկիրներու դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25 տարիներուն, որոնք եղած են սերտ համագործակցութեան ժամանակաշրջան:

Նեղ կազմով հանդիպումէն ետք տեղի ունեցած են ընդլայնուած կազմով բանակցութիւններ` երկու երկիրներու պատուիրակութիւններուն անդամներուն մասնակցութեամբ:

Հանդիպում` Տմիթրի Մետվետեւի Հետ

Ռուսիոյ կատարած այցելութեան ծիրին մէջ Հայաստանի նախագահը հանդիպում ունեցած է նաեւ Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւին հետ: Անոնք անդրադարձած են ռազմավարական գործընկեր երկու պետութիւններուն միջեւ բոլոր ուղղութիւններով առկայ փոխգործակցութեան ընթացքին, ամփոփած են ցարդ իրականացուած աշխատանքներուն արդիւնքներն ու քննարկած առեւտրական, տնտեսական համագործակցութեան ընդլայնման կարելիութիւնները:

Նախագահն ու վարչապետը նաեւ անդրադարձած են Եւրասիական տնտեսական միութեան ծիրին մէջ փոխգործակցութեան մեքանիզմներու արդիւնաւէտ կիրարկման հարցերուն:

Այցելութիւն Մոսկուայի Եւ Նոր Նախիջեւանի Թեմի Առաջնորդարան

Նախագահ Սերժ Սարգսեան 15 մարտի առաւօտեան այցելած է Հայ առաքելական եկեղեցի Մոսկուայի եւ Նոր Նախիջեւանի թեմի առաջնորդարան: Սուրբ Պայծառակերպութիւն մայր տաճարին մէջ մոմավառութենէն ետք Հայաստանի նախագահը եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութեան անդամները այցելած են Անյայտ զինուորի յուշարձան, ծաղկեպսակ զետեղած յուշարձանին առջեւ եւ յարգանքի տուրք մատուցած:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+