15 Mart 2017
Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ համոզուած է` շատոնց եկած է ժամանակը հասնելու յառաջընթացի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման համար ուղիներ գտնելու: Այս մասին ան ըսած է պաշտօնական այցով Փարիզի մէջ գտնուող Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ ընթրիքի ժամանակ:
Նշելով, որ բանակցութիւնները կը շարունակուին արդէն 23 տարիէ եւ կողմերը դեռ չեն եկած որեւէ արդիւնքի` Հոլանտ ըսած է. «Չկայ աւելի վատ բան, քան գոյավիճակը (սթաթուս-քուօ): 2016-ի Ապրիլին եւ քանի մը շաբաթ առաջ տեղի ունեցած բախումները կ՛ապացուցեն, որ այս հակամարտութիւնը երբեք չէ դադրած»:
Ֆրանսայի նախագահը յիշեցուցած է, թէ իր երկիրը որքան շատ ջանքեր կը ներդնէ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի միւս համանախագահներուն հետ խնդրի կարգաւորման ուղղութեամբ:
«Ես ըսած եմ սա մի քանի օր առաջ Փարիզ ժամանած նախագահ Սարգսեանին, կը կրկնեմ նաեւ ձեր առջեւ. այս հակամարտութիւնը չի կրնար կարգաւորուիլ ռազմական ճանապարհով: Ֆրանսան Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու հետ անխոնջ կերպով պիտի շարունակէ միջնորդական ջանքեր գործադրել: Այդ ջանքերը հիմնուած են տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնորոշման սկզբունքներու, ինչպէս նաեւ ռազմական ուղիներէ խուսափելու վրայ: Ֆրանսան պատրաստ է որեւէ նախաձեռնութիւն դրսեւորելու այս ծիրէն ներս»,- ըսած է Հոլանտ: