Ռուսիոյ Եւ Հայաստանի Յարաբերութիւնները Իսկական Իմաստով Դաշնակցային Են. Սերժ Սարգսեան Հանդիպած է Փութինի Հետ - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Լուսակն

Հայերէն :

15 Mart 2017  

Ռուսիոյ Եւ Հայաստանի Յարաբերութիւնները Իսկական Իմաստով Դաշնակցային Են. Սերժ Սարգսեան Հանդիպած է Փութինի Հետ -

Ռուսիոյ Եւ Հայաստանի Յարաբերութիւնները Իսկական Իմաստով Դաշնակցային Են. Սերժ Սարգսեան Հանդիպած է Փութինի Հետ Ռուսիոյ Եւ Հայաստանի Յարաբերութիւնները Իսկական Իմաստով Դաշնակցային Են. Սերժ Սարգսեան Հանդիպած է Փութինի Հետ

Տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսյանի հանդիպումը, որ պաշտօնական այցով Ռուսիա կը գտնուի։ Մասնավորապէս քննրակուած են երկկողմանի համագործակցութեան եւ Եւրասիական տարածքի հիմնահարցեր։

Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փուտին յոյս յայտնած է, որ սահմանադրական բարեփոխումէն ետք Հայաստանի մէջ առաջին խորհրդարանական ընտրութիւնները բարեյաջող կ’անցնին։

Քրեմինի մէջ Սերժ Սարգսեանի հետ բանակցութիւններու սկիզբը Ռուսիոյ ղեկավարը նշած է, որ իրենց այս հանդիպումը տեղի կ՛ունենայ երկրի Ազգային ժողովի ընտրութիւններու նախապատրաստութեան ֆոնին: «Այդ ամէնը կապուած է նաեւ սահմանադրական բարեփոխման հետ: Գործընթացը, ըստ երեւոյթին, հեշտ չէ, բայց վստահ եմ, որ Հայաստանը ձեր ղեկավարութեամբ պիտի անցնի իր զարգացման այս փուլը»,- նշած է Փութին:

Ան նաեւ յիշեցուցած է, որ Ապրիլ 3-ին պիտի նշուի երկու երկիրներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակը:

«Այս տարիներու ընթացքին Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները ձեռք բերած են բառիս իսկական իմաստով դաշնակցային բնոյթ»,- ընդգծած է Փութին` աւելցնելով, որ Մոսկուան եւ Երեւանը կը համագործակցին գրեթէ բոլոր ուղղութիւններով` որոնց շարքին միջազգային կազմակերպութիւններու ծիրէն ներս: Ան նշած է, որ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները «միշտ կառուցուած են շատ խոր արմատներու վրայ, որոնք կու գան դարերու խորքէն, անցեալէն»: «Այդպէս անիկա կը շարունակուի նաեւ զարգացման ներկայ փուլին»,- ըսած է Ռուսիոյ նախագահը:

Իր հերթին` Հայաստանի նախագահը յայտարարած է, որ բանակցութիւններու ընթացքին կողմերը պէտք է ուրուագծեն համագործակցութեան գլխաւոր ուղղութիւնները մօտ հեռանկարի մէջ:

«Այս տարիները դարձած են սերտ համագործակցութեան ժամանակաշրջան, եւ մենք հասած ենք անկեղծ դաշնակցային յարաբերութիւններու: Այդ յարաբերութիւններուն բնոյթը կը թելադրէ օրակարգը: Վստահ եմ, որ մեր այսօրուան այցը բովանդակալից պիտի ըլլայ եւ պիտի անցնի լիարժէք փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի մէջ»,- ըսած է Սերժ Սարգսեան:

Նեղ կազմով հանդիպումէ ետք, կայացած են ընդլայնուած կազմով բանակցութիւններ` երկու երկիրներու պատուիրակութիւններու անդամներուն մասնակցութեամբ:

Ի պատիւ պաշտօնական այցով Ռուսիոյ Դաշնութիւն գտնուող նախագահ Սերժ Սարգսեանի՝ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի անունէն տրուած է պաշտօնական ճաշ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+