15 Mart 2017
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ յայտնեց. «Մենք գիտենք Հոլանտան եւ գիտենք հոլանտացիները, որոնք մեղսակից դարձան Սրեպրենիչայի մէջ պոսնիացի իսլամներու ջարդին, ինչպէս նաեւ գիտենք անոնց դերակատարութիւնը այդտեղ 8 հազար պոսնիացիի սպանութեան մէջ»` աւելցնելով. «Հոլանտան ու Գերմանիան Թուրքիոյ զարգացումէն, զարթօնքէն եւ մեծ ծրագիրներէն կը վախնան, սակայն շատ բան պիտի իրագործենք եւ շատ բան կառուցենք»:
«Արեւմուտքը իսլամութեան թշնամանքի հարցէն կը տառապի», ըսաւ ան` նշելով, որ Հոլանտա անընդունելի վարմունք ունեցաւ Թուրքիոյ ընտանիքի հարցերու նախարարին նկատմամբ, դիւանագիտական անգիր օրէնքներ եւ Եւրոպական Միութեան արժեչափեր ոտնակոխեց:
«Հոլանտա անցեալ շաբաթ օր պետական ահաբեկչութիւն կիրարկեց եւ Եւրոպական Միութեան վնաս պատճառեց», ըսաւ Թուրքիոյ նախագահը:
Թուրք-հոլանտական քաղաքական ճգնաժամի խորացման լոյսին տակ Անգարա յայտարարած է, որ կը խզէ դիւանագիտական կապերը այդ երկրի իշխանութիւններուն հետ, կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` յիշեցնելով, որ իրավիճակի սրումին համար առիթ հանդիսացած էր Հոլանտայի վարչապետ Մարք Ռիւտէի կողմէ թուրք նախարարներու քարոզարշաւի կազմակերպման արգելքը Ռոթերտամի մէջ:
Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը պատրաստուին Հոլանտայի դէմ հաստատելու շարք մը պատժամիջոցներ, որոնց շարքին նաեւ արգիլել այդ երկրի դեսպանին մուտքը Թուրքիա, ինչպէս նաեւ չընդունիլ Հոլանտայէն եկող դիւանագիտական թռիչքները: «Ռոյթըրզ» կը նկատէ, որ պատժամիջոցները զուտ դիւանագիտական են եւ որեւէ ձեւով չեն առնչուիր տնտեսութեան, զբօսաշրջութեան ու հասարակ քաղաքացիներուն:
«Մենք ձեզի հետ պիտի վարուինք ճիշդ ինչպէս դուք վարուեցաք մեզի հետ: Մենք պիտի չարտօնենք հոլանտացի դիւանագէտներն ու դեսպանները տեղափոխող օդանաւերուն օգտագործել մեր օդային տարածքը կամ էջք կատարել մեր մօտ», յայտարարած է փոխվարչապետ Նուման Քուրթուլմուշ:
Թրքական «Էյ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` խօսելով Հոլանտայի հետ յարաբերութիւններու սրումին մասին, Հոլանտան դարձեալ անուանած է նացիական ու ֆաշական երկիր:
«Մենք կրնանք ատիկա նոր-նացիականութիւն կոչել: Անոնք ցոյց կու տան Արեւմուտքի իսկական դէմքը: Գերմանիոյ վարչապետն ալ Հոլանտայի կողքին, մեղք ըլլաս դուն: Ցաւօք, անոնք չեն կրնար հանդուրժել Թուրքիոյ վերելքը: Ցաւալի է, սակայն Գերմանիան այս պարագային առաջին դիրքի վրայ է, անոնք շատ անխիղճ ձեւով կ՛աջակցին ահաբեկչութեան», ըսած է Էրտողան:
Թուրքիոյ նախագահը նաեւ բողոքած է, որ միջազգային ընտանիքը Թուրքիոյ չաջակցեցաւ, իսկ համապատասխան կառոյցները լռեցին: «Այդ Հելսինքի-մելսինքիի պատմութիւնները, որոնք կան… անոնցմէ ոչ մէկէն ձայն չկա՞յ: Չկայ», վրդոված է Էրտողան: