15 Mart 2017
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր ցաւակցութիւն յայտնեց անցեալ շաբաթ օր Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական երկու յարձակումներուն զոհերուն համար:
«Բնականաբար ցաւակցութիւն կը յայտնենք զոհերուն համար ահաբեկչական արարքներուն, ուր որ ալ տեղի ունենան անոնք, եւ մենք կը դատապարտենք այդ պայթումը եւ ցաւակցութիւն կը յայտնենք, սակայն այդ առնչութեամբ դատապարտագիր մը լրատուամիջոցներուն