14 Mart 2017
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Դանիոյ վարչապետ Լարս Լիոքէ Ռասմուսեն յետաձգած է Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի այցելութիւնը երկիր:
Դանիոյ վարչապետը յայտարարած է, որ Եըլտըրըմին առաջարկած է յետաձգել այցելութիւնը Դանիա` հաշուի առնելով Գերմանիոյ եւ Հոլանտայի հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն մէջ գոյութիւն ունեցող լարուածութիւնը:
«Բնական պայմաններու մէջ հաճելի պիտի ըլլար ընդունիլ Թուրքիոյ վարչապետ Եըլտըրըմը: Սակայն, հաշուի առնելով Հոլանտայի դէմ թրքական կողմին յարձակումները, այս հանդիպումը չի կրնար ատկէ անջատ նկատուիլ: Հետեւաբար, ես իմ թուրք գործընկերոջս առաջարկած եմ յետաձգել մեր հանդիպումը», կ՛ըսուի վարչապետի որոշումին մէջ: