«Հոլանտա Պանանային Հանրապետութեան Պէս Կը Վարուի» Կ՛ըսէ Էրտողան - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Առագոտ

Հայերէն :

14 Mart 2017  

«Հոլանտա Պանանային Հանրապետութեան Պէս Կը Վարուի» Կ՛ըսէ Էրտողան -

«Հոլանտա Պանանային Հանրապետութեան Պէս Կը Վարուի» Կ՛ըսէ Էրտողան «Հոլանտա Պանանային Հանրապետութեան Պէս Կը Վարուի» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, դարձեալ անդրադառնալով Հոլանտայի հետ յարաբերութիւններուն մէջ յառաջացած դիւանագիտական ճգնաժամին, նշած է, որ այդ երկիրը «պանանային հանրապետութեան» պէս կը վարուի եւ պէտք է պատժամիջոցներու ենթարկուի թուրք նախարարները Ռոթերտամի մէջ խօսք արտասանելու իրաւունքէն զրկելուն համար:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Էրտողան յայտնած է. «Կը դիմեմ Եւրոպայի եւ այլ երկիրներու մէջ գործող միջազգային կազմակերպութիւններուն` կոչ ուղղելով պատժամիջոցներ հաստատելու Հոլանտայի դէմ: Եւրոպան որեւէ ձեւով արձագանգե՞ց այս միջադէպին: Ո՛չ, իսկ ինչո՞ւ: Որովհետեւ անոնք մէկը միւսին չեն խածներ: Հոլանտան պանանային հանրապետութեան պէս կը վարուի»:

Էրտողան նախապէս Հոլանտայի իշխանութիւնները համեմատած էր ֆաշականներու հետ` այս ձեւով բողոքելով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի Ռոթերտամ այցելութիւնը արգիլելուն դէմ:

Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ` մեկնաբանելով Պոլսոյ մէջ Հոլանտայի հիւպատոսարանի շէնքէն Հոլանտայի դրօշը վար առնելու եւ թրքական դրօշը բարձրացնելու դէպքը, զայն նկատած է սադրանք եւ քաղաքացիներուն խորհուրդ տուած է խուսափելու այդպիսի գործողութիւններէն:

«Այսուհետեւ պէտք է խուսափիլ այդպիսի քայլերէ», թրքական «ՀապերԹիւրք» կայքին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսած է Եըլտըրըմ:

Միւս կողմէ, «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան թրքական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ թուրք ազգայնական գործիչ, Թուրքիոյ ներքին գործոց նախկին նախարար եւ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան նախկին անդամ Մերալ Աքշեներ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կոչ ուղղած է գերմանական զինեալ ուժերուն թրքական «Ինճիրլիք» ռազմակայանին մէջ ներկայութիւնը այլեւս չարտօնելու եւ ստիպելու, որ այնտեղէն հեռացուին գերմանական կործանիչները:

«Կ՛անիծեմ Հոլանտան եւ Գերմանիան, ձեր մտքին եկած ինչքա՛ն վատ բառ կայ` համարեցէք, որ անոնց կ՛ըսեմ», ըսած է նախկին նախարարը, ըստ որուն, Եւրոպայի մէջ «երկու դահեկան»-ի հաւասար դարձուցած են Թուրքիոյ հանրապետութեան պատիւը:

Աքշեներ նաեւ մտահոգութիւն յայտնած է Հոլանտայի եւ Գերմանիոյ մէջ բնակող թուրքերու ճակատագիրին առնչութեամբ, մանաւանդ անոնց, որոնք տակաւին չեն ստացած այդ երկիրներուն քաղաքացիութիւնը:

«Այս բոլորէն ետք, ի՞նչ պիտի ըլլայ այնտեղ ապրող մեր եղբայրներուն: Մենք, իբրեւ թուրք ազգ, կրնանք ցաւէն մեռնիլ, սակայն պիտի պահենք մեր պատիւը», ըսած է ազգայնական գործիչը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+