14 Mart 2017
Ղազախստանի արտաքին գործոց նախարար Խէյրաթ Ապտելռահիմով երէկ յայտարարեց, որ Ռուսիա հաստատած է Ասթանայի մէջ միջսուրիական ժողովին իր մասնակցութիւնը: Իրենց մասնակցութիւնը հաստատած են նաեւ Իրանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչները:
Ապտելռահիմով յայտարարեց, որ 14-15 մարտին նախատեսուած ժողովին մասնակից պատուիրակութիւնները երէկ սկսած են հասնիլ Ղազախստանի մայրաքաղաք:
Ժողովին իբրեւ դէտ հրաւիրուած են նաեւ Յորդանանը, Միացեալ Նահանգներն ու ՄԱԿ-ը:
Ղազախստանի արտաքին գործոց նախարարը նշեց, որ ժողովին օրակարգը կազմուած է երաշխաւոր երկիրներուն` Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի կողմէ, եւ այդ երկիրներն են, որոնք հանդիպումներուն ձեւաչափն ու օրակարգը կը ճշդեն: