08 Mart 2017
Թրքական «Կազեթէտուվար» կայքը` յղում կատարելով Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութեան, կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետերը սուրիական տագնապի հարցով արտակարգ հանդիպում ունեցած են Թուրքիոյ Անթալիա քաղաքին մէջ:
Ճոզըֆ Տանֆըրտ, Վալերի Կերասիմով եւ Հուլուսի Աքար Անթալիոյ մէջ քննարկած են Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ տիրող իրավիճակն ու հետագայ քայլերը:
Հանդիպումին վերաբերեալ այլ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուիր: