Պնդելով, Որ Գերմանիա Պիտի Երթայ «Ոչ Ոք Կրնայ Զիս Կանգնեցնել» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Հրակաթն

Հայերէն :

08 Mart 2017  

Պնդելով, Որ Գերմանիա Պիտի Երթայ «Ոչ Ոք Կրնայ Զիս Կանգնեցնել» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու -

Պնդելով, Որ Գերմանիա Պիտի Երթայ «Ոչ Ոք Կրնայ Զիս Կանգնեցնել» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու Պնդելով, Որ Գերմանիա Պիտի Երթայ «Ոչ Ոք Կրնայ Զիս Կանգնեցնել» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին մեղադրած է Գերմանիոյ իշխանութիւնները Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան քարոզարշաւը խափանելու փորձ կատարելու ամբաստանութեամբ:

«Պատմութեան մէջ չտեսնուած ճնշումներ կը կատարուին` փորձելով չեղեալ նկատել մեր բոլոր ծրագիրները: Իսկական բռնաճնշող վարչակազմ: Մասնաւոր սեփականութեան` պանդոկներու, հարսանիքի սրահներու տէրերու դէմ ճնշումներ կը գործադրուին, այդ պատճառով ալ նախապէս ձեռք բերուած համաձայնութիւնները չեղեալ կը յայտարարուին: Ես պիտի երթամ, զիս ոչ ոք կրնայ կանգնեցնել», յայտարարած է Չաւուշօղլու` աւելցնելով, որ պիտի գտնէ թուրքերուն հետ հանդիպելու վայր:

Նշենք, որ «Հիւրրիյէթ» հաղորդեց, որ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան փոխնախագահ Մեհտի Էքեր երէկ հաղորդած է, որ Չաւուշօղլուի Գերմանիոյ մէջ երկրորդ սրահի մը մէջ նախատեսուած ելոյթը եւս չեղեալ նկատուած է:

Անդրադառնալով Էրտողանի յայտարարութիւններուն վերաբերեալ գերմանական կողմի արձագանգներուն` Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը կրկնած է երկրի նախագահին խօսքը` ըսելով. «Բոլոր քայլերը կը նմանին նացիական շրջանի գործելաոճին: Կը ճնշեն, որ հանրաքուէին «ոչ» ըսեն Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան: Պիտի տանք այս բոլորին պատասխանը: Պիտի քննարկենք ձեռնարկուելիք քայլերը, տակը պիտի չմնանք»:

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Չաւուշօղլու երէկ ուղղուած է Համպուրկ` հանդիպում ունենալու համար տեղւոյն թուրք համայնքին հետ, իսկ այսօր հանդիպում պիտի ունենայ իր գերմանացի պաշտօնակից Զիկմար Կապրիէլի հետ:

Գերմանիոյ Համպուրկ քաղաքի «Փլազա Իվենթ Սենթըր» սրահին մէջ նախատեսուած Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի ձեռնարկը, որ տեղի պիտի ունենար Թուրքիոյ մէջ սահմանադրական հանրաքուէի քարոզարշաւի ծիրին մէջ, չեղեալ յայտարարուած է: Նախապէս գերմանական իշխանութիւնները չեղեալ յայտարարած էին Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղի ելոյթը Գերմանիոյ Կակենաու քաղաքին մէջ:

«Հիւրրիյէթ» կը հաղորդէ, որ չեղեալ նկատուած է նաեւ Թուրքիոյ ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախկին նախարար Թաներ Եըլտըզի մասնակցութեամբ խորհրդաժողովը: Քելսթսրպախի քաղաքապետարանը մերժած է սրահ տրամադրել:

Մերքել Էրտողանի Յայտարարութիւնը Կը Նկատէ «Անլուրջ»

Գերմանական «Տէօչէ Վելլէ» գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել արձագանգած է Էրտողանի այն յայտարարութեան, որուն մէջ խօսքը Գերմանիոյ իշխանութիւններուն ուղղելով ըսած էր. «Հէ՜յ, Գերմանիա, դուք ժողովրդավարութեան հետ հեռու-մօտիկ որեւէ կապ չունիք: Գիտցէ՛ք, որ ձեր ներկայ կեցուածքը անցեալի նացիական կեցուածքէն չեն տարբերիր»:

«Այդպիսի անտեղի յայտարարութիւնները կարելի չէ նոյնիսկ լուրջի առնել եւ մեկնաբանութիւն կատարել», ըսած է Գերմանիոյ վարչապետը` ընդգծելով, որ այդպիսի յայտարարութիւնները շատ կը վշտացնեն զինք:

Գերմանիոյ Կանաչներու կուսակցութեան համանախագահ, Պունտեսթակի անդամ Ճեմ Էօզտեմիր գերմանական «Էյ.Առ.Տի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ ինք վստահ է, թէ Թուրքիոյ մէջ սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէին Էրտողանի յաղթանակի պարագային այդ երկիրը պիտի վերածուի սուլթանութեան, ինչ որ ոչ մէկուն շահեկան է:

Էօզտեմիրի կարծիքով` թուրք քաղաքական գործիչներուն պէտք չէ առանց նախապայմաններու արտօնել Գերմանիոյ մէջ քարոզարշաւ կատարել: Ան նշեց, որ այդ գործիչները նախ եւ առաջ պէտք է ենթարկուին գերմանական օրէնքներուն: Բացի ատկէ, պէտք է պահանջել, որ Թուրքիան ազատ արձակէ ձերբակալուած ընդդիմադիր քաղաքական գործիչներն ու լրագրողները:

«Եթէ այդպէս է` մենք ալ Թաքսիմի հրապարակին վրայ ցոյց ընենք: Եթէ Անգարա երաշխաւորէ անվտանգութիւնս, ես պատրաստ եմ երթալու եւ հաւաք կատարելու այդտեղ: Հետաքրքրական է, թէ ատոր ի՛նչ պատասխան պիտի տան: Այս մասին Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարն ու վարչապետը կրնան յայտնել Էրտողանին», ըսաւ Էօզտեմիր:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+