08 Mart 2017
Աւստրիոյ ներքին գործոց նախարար Վոլֆկանկ Սոպոթքա «ՕՌՖ» ձայնասփիւռի կայանին յայտնած է, որ պատրաստած է օրէնքի նախագիծ մը, որ կ՛արգիլէ օտարերկրեայ քաղաքական գործիչներուն Աւստրիոյ տարածք տեղափոխել իրենց երկրին ներքին քաղաքական բնոյթի հարցերը:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք ասիկա կը վերաբերի՞ նաեւ Էրտողանի Աւստրիա այցելութեան, Սոպոթքա ըսած է, որ իրենք պատրաստ են պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ ընդունելու Թուրքիոյ նախագահը, սակայն ան չի կրնար Աւստրիա գալ տեղւոյն թուրք համայնքին մէջ լարուածութիւնը աւելցնելու նպատակով: