08 Mart 2017
Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մեկնած է Ֆրանսա:
Այցելութեան շրջագիծին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը հանդիպումներ պիտի ունենայ Ֆրանսայի բարձրագոյն ղեկավարութեան` նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի, Ծերակոյտի նախագահ Ժերար Լարշէի, Ազգային ժողովի նախագահ Քլոտ Պարթոլոնի, եւ Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոյի: Հայ-ֆրանսական բարձր մակարդակի բանակցութիւններէն պիտի ստորագրուին երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդման ու փոխադարձ գործակցութեան խորացման ուղղուած շարք մը փաստաթուղթեր: Փարիզի մէջ նախատեսուած են հանրապետութեան նախագահի հանդիպումները Ֆրանսայի գործարար շրջանակներու, Եւրոպայի հայկական համայնքներու ներկայացուցիչներու հետ:
Նախագահ Սարգսեան պիտի այցելէ նաեւ Լիոն, ուր հանդիպում պիտի ունենայ Լիոնի քաղաքապետ Ժերար Քոլոմպին հետ:
«Հայայսանը Երբեք Չէ Դադրած Ջանքեր Գործադրել` Խրախուսելու
Ֆրանսախօս Երկիրներու Միջազգային Կազմակերպութեան
Արժէքներու Եւ Ֆրանսերէնի Տարածումը
Ֆրանսա այցելութեան ծիրին մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան կեդրոնին մէջ հանդիպում ունեցած է կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Միքայէլ Ժանին հետ:
Նախագահը ընդգծած է, որ այս հանդիպումը նախ եւ առաջ լաւ առիթ է` ամփոփելու նախորդ տարիներու ձեռքբերումները եւ ուղենշելու հետագայ ընելիքները` նկատի առնելով, որ յաջորդ տարի կը լրանայ Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի անդամակցութեան տասնամեակը: Նախագահ Սերժ Սարգսեան նշած է, որ կազմակերպութեան հետ համագործակցութեան ընթացքին Հայաստանը երբեք չէ դադրած ջանքեր գործադրել` խրախուսելու կազմակերպութեան արժէքներու եւ ֆրանսերէնի տարածումը: Նաեւ Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան աջակցութեամբ է, որ Հայաստանի մէջ արդէն կը գործէ ֆրանսերէնով կրթական ծրագիրը` մանկապարտէզէն մինչեւ համալսարան:
Անդրադարձ կատարուած է նաեւ ֆրանսախօս երկիրներու ընտանիքին վերաբերող արդի խնդիրներուն, զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են կազմակերպութեան անդամ եւ դիտորդ հանդիսացող երկիրներու մէջ իրականացուող խաղաղապահ առաքելութիւններուն Հայաստանի մասնակցութեան շուրջ: Նախագահ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է ղարաբաղեան տագնապին վերաբերեալ կազմակերպութեան եւ անձամբ Միքայէլ Ժանի հաւասարակշռուած դիրքորոշման համար: